100-ամեակի ձեռնարկներ Թորոնթոյի մէջ


Մարտ 28 – Ապրիլ 11

Թուրքը տուներ քանդեց… հայը տուներ պիտի կառուցէ 

Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, ձեռամբ Օսմանեան կառավարութեան, խլեց մէկ ուկէս միլիոն անմեղ հայերու կեանքեր ու քանդեց հայկական բոլոր գիւղերն ու քաղաքները, ոչնչացուց բոլոր խաչքարներն ու կոթողները եւ եկեղեցիները վերածեց ախոռներու: Թուրքիան տակաւին կ՚ուրանայ իր կատարած ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, շարունակելով մնալ նոյն ցեղասպանը, այս անգամ ISIS կազմակերպութեան մէջ մեծ դեր խաղալով: Այսօր, ISISի արմատական ու ծայրայեղ զինեալները Սուրիա եւ Իրաք կը ներխուժեն Թուրքիոյ սահմաններէն եւ այսպիսով Թուրք կառավարութիւնը մեղսակից կը դառնայ անմեղ քաղաքացիներու բնաջնջումին եւ անոնց գոյութեան բոլոր հետքերու ոչնչացման, երբ կը քանդուին տուներ, գիւղեր, եկեղեցիներ: Ղըպտի Քրիստոնեաներու գլխատումը, Ասորի քրիստոնեայ գիւղերու բնակիչներուն տեղահանութիւնը, կիներու, ծերերու եւ մանուկներու առեւանգումը կրկնութիւնն են Հայկական գիւղերու մէջ պատահածին հարիւր տարիներ առաջ: Եւ Արեւմուտքը լուռ է: Իսկ Թուրքիոյ կործանարար քաղաքականութիւնը տակաւին կը շարունակուի… Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութենէն չորս սերունդեր ետք եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարիւրամեակի սեմին, աշխարհի բոլոր ծագերուն սփռուած Հայկական գաղութներս այս արհաւիրքներուն կը պատասխանենք տուներ կառուցելով Habitat for Humanity նախաձեռնութեան ընդմէջէն: Օնթարիոյի հայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը հովանաւորեն այս նախաձեռնութիւնը, համագործակցութեամբ Habitat for Humanity-ի:

20-22 մարտ

Թուրքը սուտեր կը սփռէ… հայը իր դատը կը պաշտպանէ

27 փետրուար 2015ին, Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ, Գանատայի Թուրք կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը, ուր գործուղղեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քարոզելու հանգամանքով հանրածանօթ երկու հակահայ դասախօսներ: Հայ Երիտասարդներու խումբ մը հաւաքուեցաւ համալսարանի սրահը եւ երբ դասախօսներու արտասանած սուտերը հասան գագաթնակէտին, իրենց կռնակները դարձնելով դասախօսներուն՝ արտայայտեցին լուր եւ քաղաքավար բողոքի ցասում՝ պատմութեան գրգռիչ մեկնաբանութեան դէմ (տեսնել տեսահոլովակն ու յօդուածը www.armenianweekly.com/2015/02/27/activists-turn-their-backs)/Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնն ու Հայ Համալսարանական Ուսանողներու Կազմակերպութիւնը կը շարունակեն դաստիարակութեան եւ իրազեկման իրենց պայքարը, կազմակերպելով դասախօսական շարք մը, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Ուինզըրի մէջ, 20-22 մարտ 2015ին: Շարքի նպատակն է արծարծել ուրացման ազդեցութիւնը հետագայ սերունդներուն վրայ եւ ճշմարտութեան, ճանաչումի եւ հատուցումի կարեւորութիւնը: 

19 Ապրիլ 2015

Մարդկային իրաւանց պաշտպանման եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման քայլարշաւ

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս, 19 Ապրիլ 2015ին, կազմակերպուած է աննախընթաց «Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանման եւ Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Քայլարշաւ»ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քսաներորդ դարուն ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերու թորոնթոբնակ համայնքները: Յիշելով նախորդ ցեղասպանութիւնները, քայլարշաւ պիտի անդրադառնայ նաեւ հարիւր տարիներ ետք, նոյն տարածաշրջանին մէջ, փոքրամասնութիւններու դէմ կրկնուող եւ ցեղասպանութիւնը յիշեցնող անմարդկային արարքներ:Քայլարշաւը կը խորհրդանշէ այն ճամբաները ուրկէ, հարիւր տարիներ առաջ, մեր մեծ հայրերը բռնի քալեցին (թէեւ այս պարագային քաղաքի մաքուր ճամբաներէն եւ ոչ Սուրիոյ անապատներէն) եւ անոնց ժամանումը՝ մահուան դուռ: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Ոճրագործին անունը փոխուած է միայն: Ներկայիս, ցեղասպանը Օսմանեան Պետութիւնը չէ, այլ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը որ կը միտի ընդլայնել իր տիրապետութիւնը դրացի երկիրներուն վրայ: Կ՚ օգտագործէ ISISի զինեալները, թոյլատրելով իրենց սահմաններէն անցնելու, մտնելու համար Իրաք եւ Սուրիա, իրագործելու համար փոքրամասնութիւններու ոչնչացման իր եղեռնագործ ծրագիրը, բայց այս անգամ ոչ միայն հայերուն դէմ, այլեւ անոնց դրացի հազարամեայ բնիկ ազգերուն: 

Ապրիլ 24

Ժողովրդային հաւաք եւ բողոքի ցոյց

Ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, Օնթարիոյի եւ Քէպէքի հայութիւնը, որպէս ուխտագնացութիւն, կ՚ուղղուի Գանատայի Մայրաքաղաք՝ Օթթաուա: 1960ական թուականներէն սկսեալ, հազարաւոր հայորդիներ կը հաւաքուին Օթթաուա: Սկզբնական շրջանին, Գանատայէն պահանջելու Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում, ապա շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Գանատայի Կառավարութեան, 2006 թուականին Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալուն համար:Ցայսօր, «ուխտագնացութիւնը» կը շարունակուի՝ Օթթաուայի խորհրդարանին առջեւ հաւաքուելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մեր կառավարութեան, որ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հակառակ Թուրքիոյ Կառավարութեան եւ Թրքական դեսպանատան ճնշումներուն:Ապա, ուխտանգնացները կ՚ուղղուին դէպի Թրքական Դեսպանատուն, ուր քաղաքական հաւաքի մը ընթացքին, Թուրքիոյ Կառավարութենէն կը պահանջուի ընդունիլ իր նախնիներուն՝ Օսմանեան Պետութեան ծրագրած ու իրագործած ցեղասպանութիւնը, 1915-1923 թուականներուն: 

Ապրիլ 12

Արիւնահաւաք   

Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութենէն չորս սերունդեր ետք եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարիւրամեակի սեմին, աշխարհի բոլոր ծագերուն սփռուած Հայկական գաղութներս այս արհաւիրքներուն կը պատասխանենք կեանքեր փրկելով՝ Արեան Տուչութեան այս արշաւին ընդմէջէն: Օնթարիոյի Գանատահայ Բժիշկներու Կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ Առողջապահական Փառատօնը, համագործակցութեամբ Canadian Blood Servicesի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.