«Հորիզոն»ի 1862-րդ թիւը յանձնուեցաւ Թորոնթոյի նորընտիր քաղաքապետ Ճան Թորիին
1773
0
Մարտ 9-ին, Թորոնթոյի մէջ կայացած «Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդի» հերթական հաւաքի հիւրն էր Թորոնթոյի նորընտիր քաղաքապետ Ճան Թորի, որ հանդիպման ներկայ համայնքային թերթերու ներկայացուցիչներուն զեկուցեց Թորոնթոյի 2015 թուականի ամավարկի մասին: Հանդիպման կը մասնակցէին «Հորիզոն»ի Թորոնթոյի ներկայացուցիչ Ժագ Վարպետեան եւ «Հորիզոն»ի լուսանկարիչ Իշխան Ղազարեան: «Հորիզոն»ի ներկայացուցիչը առանձնազրոյցի մը ընթացքին «Հորիզոն»ի 1862-րդ թիւը յանձնեց քաղաքապետ Թորիին եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց թերթին մասին: Նշենք, որ 2009-ի Սեպտեմբերին «Հորիզոն» Գանատայի լաւագոյն համայնքային լրատուամիջոցի գնահատագիր ստացած է Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի ձեռամբ: