Տաւութօղլու Ամերիկայի Թուրքերուն Համախմբուելու Կոչ Ըրած է՝ Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Համար
1458
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ու շարք մը այլ հարցերու կողքին քննած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հարիւրամեակի հարցը:
Ըստ «Հապերլեր» լրատուական գործակալութեան՝ Տաւութօղլու կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կոչ ըրած է մէկ կողմ ձգել ազգային հարցերու վերաբերեալ տարակարծութիւնները եւ համատեղ աշխատիլ՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, անոր ճանաչման դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով։