Նախագահ Էրտողան տուգանուեցաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան արձանը «վիրաւորելու» համար
- (0)

Իսթանպուլի դատարանը 10 հազար լիրա (4 հազար տոլար) տուգանքի վճիռ արձակեց Նախագահ Էրտողանի համար, հայ-թրքական հաշտութեան նուիրուած արձանը վիրաւորելու համար։ Ինչպէս պիտի յիշուի, Թայյիպ Էրտողան «հրէշաւոր» անուանած էր արձանը, որ քանդակուած էր Մէհմէտ Աքսոյի կողմէ եւ որ նուիրուած էր հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելուն։ Էրտողան իր ժխտական դիրքորոշումը «Մարդկութեան յուշարձան»ի հանդէպ արտայայտած էր 2011-ին, երբ արձանը կը կանգնէր Կարսի մէջ։ Նախագահը, որ այդ տարիներուն Վարչապետ էր, դրդած էր որ տեղական իշխանութիւնները կազմաքանդէին յուշարձանը։
Այդ զարգացումներէն ետք քանդակագործ Աքսոյ դատ բացած էր Նախագահ Էրտողանի դէմ՝ «վիրաւորանք»ի համար։ Այժմ դատարանը պահանջեց որ Էրտողան դրամական փոխհատուցում կատարէ Աքսոյին՝ անոր պատճառած բարոյա-հոգեբանական վնասի համար։