Վերսկսած Է Լեւոն Հայրապետեանի Հովանաւորած Ռազմական Ակադեմիոյ Շինարարութիւնը


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ վերսկսած է Մոսկուայի մէջ տնային կալանքի տակ գտնուող հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի հովանաւորած՝ «Սուվորովի եւ Մադաթովի անուան ռազմական ակադեմիա»ի շինարարութիւնը: Այս մասին յայտնած է Վանքի գիւղապետ Անդրէյ Սարգսեան:
Ան յայտնած է, որ շէնքի առաջին յարկը արդէն պատրաստ է:
«Հիմա երկրորդ յարկն է կառուցւում, շինարարութիւնն ընթանում է լայն թափով, բայց դժուար թէ այն այս տարի շահագործուի», նշած է գիւղապետը՝ աւելցնելով, որ ընթացքին կը հետեւին Հայրապետեանի եղբայրն ու եղբօրորդին:
Յիշեցնենք, որ Հայրապետեանի բանտարկութենէն ետք որոշ ժամանակ ակադեմիոյ շինարարութիւնը 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.