Ցեղասպանութեան Հարցը Պատմաբաններուն Ձգելու «Էրտողանի Առաջարկը Կեղծ Է, Կը Գրէ «Ռատիքալ»
- (0)

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը հրապարակեց յօդուած մը, որ կ՚անդրադառնար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քննարկելու պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմելու եւ արխիւները բանալու առաջարկին։
«Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած նիւթ մըն է, եւ այդ հարցին վերաբերեալ կառավարութեան յայտարարութիւնները միայն անոր ժխտողականութիւնը կ՚ամրապնդեն։ Նախագահը իր վերջին ճառին մէջ անգամ մը եւս խօսեցաւ Ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններուն ձգելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն թրքական պետական գաղափարախօսութենէն անդին չանցաւ։
«Կը թուի, թէ պատմութեան բոլոր դէպքերուն հաւաստիութեան մասին սորվեցանք պատմաբաններէն։ Պետական արխիւները բանալու առաջարկը համոզիչ չի թուիր, որովհետեւ բոլորը գիտեն, թէ Ռազմական դատախազութեան արխիւներէն ցեղասպանութեան առնչուած նոյնիսկ մէկ փաստաթուղթ առնելը կատարելապէս անկարելի է։
«Ահա թէ ինչու Էրտողանի յայտարարութեան կեղծ ըլլալը անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ աւելի ակներեւ կը դառնայ։ Ան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Կալիփոլիի ճակատամարտի նշման ձեռնարկներուն մաս կազմելը անքաղաքավարութիւն կը նկատէ՝ այդպիսով ցոյց տալով, որ ինքն իր սուտերուն կը հաւատայ։
«Մարդիկ, որոնք նոյնիսկ նուազագոյն չափով ծանօթ են պատմութեան գիտեն, որ Ապրիլ 24-ը որեւէ առնչութիւն չունի Կալիփոլիի ճակատամարտին հետ. այդ թուականը ընտրելու նպատակը շատ յստակ է՝ ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններէն ձերբազատուիլ եւ արդէն իսկ սուտի վրայ հիմնուած պետութեան մը վրայ յաւելեալ սուտ աւելցնել։
«Եթէ նացիներու ջարդերէն տուժած մարդիկ իրենց իրաւունքները ստացան, ինչո՞ւ հայերու ժառանգորդները նոյնը պէտք չէ ընեն։
«Եթէ նախագահ Էրտողանն ու Թուրքիան կ՚ուզեն ցեղասպանութեան հարցը լուծել, մեծապէս յանձնարարուած է հետեւիլ հետեւեալ քայլերուն.
– Ներում հայցել Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածին համար եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել։
– Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն ու անոնց ժառանգորդներուն փոխհատուցում տալ։
– Վերադարձնել աւարուած կալուածները։
– Քաղաքացիութիւն տրամադրել մարդոց, որոնք մարդկութեան դէմ այդ ոճիրէն վնասուեցան։
– Երկկողմանի նախաձեռնութեամբ վերաբանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել։
– Թուրքիոյ մէջ կրօնական հաստատութիւնները վերակառուցել եւ կրօնական արարողութիւններու կայացումը ապահովել։
– Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի մասին խանդավարութեամբ խօսելէ դադրիլ եւ պատմական հողերը արեան ծովու վերածած անձերու ժառանգէն ձերբազատիլ»։