Գըրգ Գըրգորեան Կը Ծրագրէ Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Արտադրել


ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- «Շօպիզ 411» կայքի լրագրող Ռաճըր Ֆրիտմըն Փետրուար 26ին հաղորադած է, թէ ոչ ամբողջական տեղեկութիւններ ունի միլիառատէր բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կողմէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը արտադրելու ծրագիրին մասին։
Ըստ անոր՝ արդէն իսկ «Օսքար»ի թեկնածու դարձած բեմադրիչ մը եւ բեմագիր մը համաձայնութիւններ ստորագրած են՝ նշեալ ֆիլմին վրայ աշխատելու շուրջ։ Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզած բեմադրիչը ըսած է, թէ կը ծրագրուի «Շինտլըրզ Լիս»չի, «Ռետզ»ի կամ «Տաքթըր Ժիվակօ»ի նման ֆիլմ մը արտադրել՝ աւելցնելով, որ կարգ մը դերասաններու անունները վերջնականանալու վրայ են։
Կ՛ակնկալուի, որ նկարահանումները Եւրոպայի մէջ սկսին յառաջիկայ ամրան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.