Ամերիկայի նախագահ Թէոտոր Ռուզվէլթ. «Հայոց ջարդը հանդիսացաւ ամենէն մեծ ոճիրը»


ԱՄՆ-ու նախագահ Թէոտոր Ռուզվէլթ, 1918 Մայիս 11-ին, դրամատէր եւ մարդասէր, քաղաքական գործիչ Գլիվլէնտ Հատլի Տաճին հասցէագրած իր նամակին մէջ գրած է հետեւեալը.
«Հայոց ջարդը հանդիսացաւ պատերազմին ամենէն մեծ ոճիրը եւ այդ ոճիրին դէմ հակազդեցութեան բացակայութիւնը հոմանիշ էր այդ քայլին արտօնութեան… Թրքական սարսափին դէմ արմատական միջոցներու դիմած չըլլալու փաստը՝ համաշխարհային խաղաղութեան մասին ապագայի բոլոր ճառերը կը դարձնէ իմաստազուրկ անզգամութիւններ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.