Գերմանիոյ «Ձախերու կուսակցութիւնը» Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւ ներկայացուցած է խորհրդարան


Գերմանիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ հանդիսացող «Ձախերու կուսակցութիւնը» (Die Linke) «Մերօրեայ Գերմանիայի և Հայաստանի յարաբերութիւնները. յիշել հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները» անուամբ բանաձեւ մը ներկայացուցած է Գերմանիւոյ դաշնակցային հանրապետութեան խորհրդարանին (Պունտեստակ):

Ըստ թրքական «Hurriyet» թերթին` վերոնշեալ բանաձեւը ստորագրած են «Ձախերու կուսակցութեան» խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Կրեկոր Կիսին, պատգամաւորներ Ուլլա Եելփքեն, Վոլֆկանկ Հերքեն, Սեվիմ Տաղդելեն, Անտրէ Հունկոն, Նիեմա Մովասսաթին և Ալեքսանտր Նէուն:

Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Հայաստանը Եւրոպայի ամենէն աղքատ երկիրն է, որուն բնակչութեան 1/3-ը կ՚ապրի աղքատութեան մէջ: Հայաստանը միաժամանակ արևմուտքէն և արևելքէն կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շրջափակման մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ այն հանգամանքը, որ 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան համար նաև Գերմանիան  պատասխանատու կը նկատուի, որովհետեւ գերմանացի 800 սպայ և 45.000 զինուոր ընդգրկուած էր Օսմանեան կայսրութեան բանակին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.