«Իսլամական Պետութիւն»ը Կը Փորձէ Քիմիական Զէնքերու Տիրանալ
1565
0
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը կը փորձէ քիմիական զէնքերու տիրալ:
Քիմիական զէնքերու տարածումը արգիլող միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Ահմետ Ուզումճու յայտնած է, որ կազմակերպութիւնը այդ ուղղութեամբ տուեալներ ունի: «Եթէ «Իսլամական պետութիւն»ը կարենայ արտադրել կամ ստանալ քիմիական զէնք, ապա ատիկա լուրջ սպառնալիք պիտի ըլլայ», ըսած է կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը։ «Շատ կարեւոր է զսպել տարածումը այն նիւթերուն, որոնցմով կարելի է քիմիական զէնք արտադրել», աւելցուցած է ան: