Ցեղասպանութեան Հարցին Պատճառով ԵՄ-Թուրքիա Նիստ Մը Ջնջուած Է
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական յանձնաժողովի հերթական նիստին ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին քննարկման ներառումը դարձեալ սրած է Անգարայի ու Պրիւքսէլի միջեւ լարուածութիւնը, եւ անոր հետեւանքով՝ Անգարա ջնջած է Փետրուար 18-19ին կայանալիք Թուրքիա-ԵՄ խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստը: Անգարան իր այս քայլը բնութագրած է իբրեւ «դիւանագիտական պատասխան»՝ Թուրքիոյ մասին Եւրոմիութեան զեկոյցին ուղղուած:
Եւրոխորհրդարանին մէջ, Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռենաթ Սոմեր նշած է, որ հանդիպումը վերջին պահուն ջնջելու Թուրքիոյ արարքը «անհասկնալի կեցուածք» է: Սոմեր խստօրէն քննադատած է Թուրքիան ու նշած, որ կառավարութեան այդ որոշումը հաւանաբար կապուած է նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներու կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուղղուած խիստ քննադատութիւններուն, յատկապէս՝ մամլոյ ազատութեան եւ Կիպրոսի հարցին առնչութեամբ: