Եգիպտական Փաստաթուղթեր՝ Թուրքերու Կողմէ Հայերուն Դէմ Կատարուած Ջարդերուն Մասին


ԵՐԵՒԱՆ.- Եգիպտոսի մէջ հրատարակուող նշանաւոր թերթի թղթակից Մուհամմատ Լէյթի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյց մը կատարած է Գահիրէի համալսարանի դասախօսներէն՝ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաթի հետ:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ Ռիֆաթ կը բացայայտէ Եգիպտական օրաթերթերուն մէջ տպագրուած եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները, սկսած 19րդ դարու վերջերէն, մինչեւ 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը:
Ան կը նշէ, որ կան Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ՝ իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն ուղարկուած միլիոնաւոր փաստաթուղթեր, ուր բացայայտ կերպով, ժամ առ ժամ, ներկայացուած են հայերուն հանդէպ հալածանքներն ու բռնութիւնները, առեւանգումներն ու բռնաբարումները, ջարդերն ու կոտորածները։
«Ինչպէս միւս արաբական երկիրներուն, այնպէս ալ Եգիպտոսի մէջ, կան բազում հազարաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն թուրքերուն գործած ոճիրը. բազմաթիւ են այն օրաթերթերը, որոնք oրը օրին նշած են հայոց կոտորածները, որոնք իրենց գագաթին հասան 1915ի Ցեղասպանութեան արհաւիրքով: Բաւական է միայն թղթատել նշանաւոր «Ահրամ» օրաթերթի 5 Օգոստոս 1876էն մինչեւ Լօզանի դաշնագիրի՝ 1923ի թիւերը, եւ այնտեղ տեսնել ու ըմբռնել հայերուն հանդէպ իրագործուած մեծ աղէտը: Այս թերթի ազատատենչ յօդուածագիրները այնտեղ բարձրաձայնած եւ բնութագրած են այդ անմարդկային արարքները՝ հայ ժողովուրդին հանդէպ, որոնք ոչ միայն համապատասխան չեն իսլամ կրօնքին, այլեւ դատապարտելի են իսլամներուն կողմէ: Չմոռնալ նաեւ, որ Եգիպտոսի «Ազհար» սրբակեդրոնը դատապարտած էր 1909ի հայերու կոտորածները», կ՛ըսէ Ռիֆաթ։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ թրքական կառավարութիւնները ինչպէ՞ս փորձած են թաքցնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը՝ դոկտ. Ռիֆաթ կ՛ըսէ, որ սկիզբէն իսկ՝ 1919ին, «Իթթիհատ վէ Թարաքքի» կուսակցութեան պարագլուխներու դատավարութեան ժամանակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ի՛նք ճանչցած է հայերուն դէմ կատարուածը, եւ այս խոստովանութիւնը հրատարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթի Յուլիս 22, 1919ի յաւելուածին մէջ։
«Սակայն անկէ ետք, թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները գործադրած են հսկայական ջանքեր, թաքցնելու համար այդ ոճիրը՝ թրքացնելով հայոց հողերն ու հրաշքով փրկուած իրենց հողերուն վրայ մնացած հայերը», կ՛աւելցնէ ան:
Դոկտ. Ռիֆաթ կ՛ըսէ նաեւ, թէ 1894-1896ի համիտեան ջարդերէն փրկուած բազմաթիւ հայեր հիւրընկալուած են Եգիպտոսի մէջ, իսկ անկէ ետք՝ 1915ի Սեպտեմբերին, Փօր Սայիտ նաւահանգիստին մէջ Եգիպտոսը դիմաւորեց շուրջ 4500 մուսալեռցի հայեր, որոնք դիմադրելով թրքական բանակին՝ կրցած էին փրկուիլ եւ ֆրանսական նաւով մը հասնիլ Եգիպտոս. չմոռնալ նաեւ, որ 1924ին, Եգիպտոսի վարչապետ Սաատ Զաղլուլի հրամանով ընդունուեցան 1000 հայեր, որոնք ճակատագիրի բերումով հասած էին Երուսաղէմ եւ Յունաստան ու ցանկութիւն ունէին միանալու Եգիպտոս ապրող իրենց հարազատներուն:
Իսկ այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ վրայ ինչպիսի՞ անդրադարձ կրնայ ունենալ Եգիպտոսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ դոկտ. Ռիֆաթ կ՛ըսէ, թէ անկասկա՛ծ անիկա «դժոխքի դռները պիտի բանայ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ», որովհետեւ անիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ արաբական եւ իսլամական այլ պետութիւններ եւս ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:
Հարցազրոյցի աւարտին, դոկտ. Ռիֆաթ կոչ կ՛ընէ Եգիպտոսի կառավարութեան, որ օր առաջ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան նաեւ կոչ կ՛ընէ Գահիրէի համալսարանի տնօրէնութեան՝ վերաբանալու Հայագիտութեան ամպիոնը, որ փակուած էր նախկին վարչակազմին օրօք՝ Թուրքիոյ թելադրանքով, «որովհետեւ վայել չէ Միջին Արեւելքի ամենահին համալսարանին չունենալ նման ամպիոն», կ՛աւելցնէ Ռիֆաթ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.