Ողջ Մնացած Հայ Կիները Փրկուելու Համար Կ՚ամուսնանային Արաբներու Հետ


Արաբ Պաթրայի վկայութիւնը 

«Երկիր» – Սուրիայէն արաբ անապատական քոչուոր Պաթրան կը նշէ, որ 1915-ին ինը տարեկան էր եւ լաւ կը յիշէ՝ ինչպէս հայ աքսորականներու կարաւանները իրարու ետեւէ ուժասպառ կը հասնէին Տէր Զօր։ Ան կը պատմէ, թէ ինչպէս, թուրք զինուորական ոստիկաններն ու չեչենները անոնցմէ շատերը կը սպաննէին, իսկ ողջ մնացած կանայք ստիպուած կ’ամուսնանային արաբ անապատական շէյխերու եւ գիւղապետներու հետ։

«Ես 93 տարեկան արաբ անապատական կին մըն եմ։ 1915-ին ինը տարեկան էի եւ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէս հայ աքսորականներու կարաւանները իրարու ետեւէ ուժասպառ կը հասնէին Տէր Զօր։ Անոնք տանջուած էին, անօթի, ծարաւ, ցնցոտիներու մէջ ու ոտաբոբիկ։ Անոնք եկան եւ հաւաքուեցան Տէր Զօրի կամուրջին մօտ։ Մենք կը տեսնէինք, թէ ինչպէս թուրք ոստիկաններն ու չեչենները անոնցմէ շատերը կը սպաննէին։ Ողջ մնացած կիները ստիպուած ամուսնացան մեր արաբ անապատական շէյխերու եւ գիւղապետներու հետ։ Անոնք դարձան ընտանիքի լաւ մայրեր։ Անոնց մեծ մասը հաւատափոխ եղաւ, իսկ ոմանք՝ ոչ։ Մենք հիացած էինք հայ կկիներուն գեղեցկութեամբ։ Անոնք սքանչելի աչքեր ունէին։ Բացի այդ, անոնք հաւասարակշռուած էին, հնազանդ ու պատուաւոր։ Անոնք երբեք չմուրացին։

օԹուրքերը հայերը ցրուեցին սուրիական անապատները, իսկ արաբները, մեղքանալով անոնց, հաւաքեցին»։

Վերժինէ Սվազլեան,

Հայոց ցեղասպանութիւն.Ականատէս վերապրողներու վկայութիւններ,

2011, վկայութիւն 306, էջ 517-518։

Yerkir.am


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.