Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսարան Պիտի Բացուի
- (0)

Էրպիլի քաղաքակեդրոնը
ԷՐՊԻԼ, «Արմէնփրէս».– Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մեսութ Պարզանի 3 Փետրուարի երեկոյեան մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ ընդունած է Իրաքի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գէորգեանն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քրտական ինքնավար մարզի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղիները: Վկայակոչելով Քրտական ինքնավար մարզի շրջանային կառավարութեան պաշտօնական կայքը, «Արմէնփրէս» գրած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու ազգերու միջեւ մշակութային եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Հայաստանի դեսպան Կարէն Գէորգեան հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Յունիսին Էրպիլ քաղաքին մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի բացման մասին: Անոր համաձայն՝ այս ամսուան վերջաւորութենէն սկսեալ շաբաթը երկու անգամ ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարուին Երեւանի եւ Էրպիլի միջեւ:
Իր հերթին Մեսութ Պարզանի ողջունած է Հայաստանի այս նախաձեռնութիւնը՝ աւելցնելով, որ քրտական կառավարութիւնը պատրաստ է ապահովելու բոլոր պայմանները՝ որոշումներու իրականացման համար: