Արմէն Համբարձումեան Չի Կրնար Հանդէս Գալ Հայաստանի Դրօշին Տակ


20415_armen_ambartsumyan_1Նախորդ տարուան մայիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն հրաւէր ստացաւ Մոսկուայի Բանակայիններու միջնապահ Արմէն Համբարձումեան: Մարզիչ Պեռնար Շալանտ կ՛ուզէր փորձել Համբարձումեանը` ֆութպոլի միջազգային մրցումի մը ընթացքին:

ArmSport.am հաղորդեց, որ ան չմիացաւ Հայաստանի հաւաքականին, որովհետեւ այդ մէկը տեղի ունենալու պարագային ան Ռուսիոյ մէջ պիտի սկսէր նկատի առնուիլ իբրեւ օտար մարզիկ:

Յուլիս 2014-ին ան տեղափոխուեցաւ Զենիթ Փենզա եւ սկսաւ հանդէս գալ Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, որուն իրաւունք ունին մասնակցիլ միայն Ռուսիոյ քաղաքացիները:

ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Համբարձումեան յայտնեց, որ կը պատրաստուի իր ելոյթները շարունակել Զենիթի հետ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան պիտի շարունակէ ներկայացնել Ռուսիան եւ այլեւս Հայաստանի դրօշին տակ չի կրնար հանդէս գալ:

Նշենք, որ Համբարձումեան մաս կազմած է Ռուսիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.