Ուրֆայի դիւցազնուհի՝ Մարիամ Չիլինկիրեան


Մարիամ շէն ու սրամիտ, պաղարիւն ու յանդուգն աղջիկ մըն էր, որ պատրաստ էր ամէն վտանգի մէջ նետուելու եւ նոյնիստ ամենաճգնաժամային վայրկեաններուն, կռուողներուն տրամադրութիւնը կը բարձրացնէր իր վարակիչ եռանդով։ Թեթեւ մը կաղալուն պատճառով՝ կատակի համար զայն Թիմուրլէնկ կը կոչէին։

Մարիամ Ուրֆայի ՀՅԴ Կարմիր Խաչի սիւներէն էր։ Հերոսամարտի ընթացքին նշանաւոր դարձաւ ոչ միայն իբրեւ տիպար գթութեան քոյր, այլեւ իբրեւ մարտիկներուն անձնուէր գործակիցը։ Երբ թուրքերուն դիրքերէն ճերմակ դրօշակ մը պարզուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ, որ Ֆախրի փաշա երկու հոգի կ՚ուզէ բանակցութեան համար, Մարիամ անմիջապէս առաջ անցաւ, իսկ իրեն հետեւեցաւ իր մտերիմ գործակիցը՝ Ազնիւ Միրզոյեան-Պուրճագեան։ Այդ վայրկեանին յանդուգն Մարիամի մտքէն անգամ չանցաւ, որ կրնայ դաւադրութեան մը զոհ երթալ։ Երբ հասան փաշային մօտ, այս վերջինը շատ յարգալիր վերաբերում ունեցաւ ու ըսաւ.- «Զաւակներս, կը հիանամ ձեր քաջութեան վրայ, կը ցաւիմ որ ստիպուած եմ կռուիլ ձեզի պէս հերոսներու եւ հերոսուհիներու դէմ, սակայն տարբեր չենք կրնար վարուիլ պետութեան անհնազանդ եղողներուն հետ։ Կը մեղքնամ ձեր ժողովուրդին, կ՚ուզեմ որ վերադառնաք ու խօսիք ձեր հրամանատարին. դուք ձեր ունեցած ուժերով ասկից աւելին չէք կրնար ընել բանակի մը դէմ»։

Սակայն երկու հայուհիները պատասխանեցին.- «Շատ լաւ կը խօսինք, սակայն կը մոռնաք, որ կռիւը մեք չենք սկսած, մեր երիտասարդներն ու առաջնորդը տարիք սպաննեցիք, ձայն չըրինք։ Ինչ որ պահանջեցիք, տուինք, այլեւս ի՞նչ կ՚ուզէք մեզմէ։ Ձեր կատարած անգթութիւններուն փոխարէն, ահա գերի ինկած թուրք զինուորներ կը պահենք՝ առանց անոնց վնաս մը հասցնելու։ Դադրեցուցէք յարձակումները ու մենք դարձեալ հաւատարիմ հպատակներն ենք կառավարութեան» )Տես, Արամ Սահակեան, «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր Հայորդիները», էջ 879(։ Մարիամն ու Ազնիւը թուրք գերի զինուորներու հարցը յատկապէս մէջտեղ դրին, որպէսզի իրենց վերադարձին արգելք չդրուի։

Անշուշտ փաշան չընդունեց իրենց առաջարկը, սակայն հպարտ հայուհիներուն կորովի կեցուածքը երբեք չմոռցաւ։

Ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին Մարիամ գործեց նոյն թափով եւ նոյն ոգիով՝ մարտիկներու կողքին կռուեցաւ, վիրաւորները խնամեց, յուսահատները մխիթարեց, իսկ հերոսամարտէն ետք, ժողովուրդին բեկորները ապահով թաքստոցներ առաջնորդեց կամ օտար հաստատութիւններու մէջ պատսպարեց։Ուրիշներու կարգին Մարիամ ալ ձերբակալուեցաւ եւ 101 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, սակայն 1918ին զինադադարին ազատ արձակուեցաւ։ Հետագային Ամերիկա փոխադրուեցաւ եւ հոն ալ ամուսնացաւ։ Ամերիկայի մէջ Մարիամ ունեցաւ հանրային լայն գործունէութիւն եւ միշտ պահեց նոյն նուիրումը հայութեան տարագիր բեկորներուն հանդէպ։
Սոնա Զէյթլեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.