Ճէմիլ Չիչէք. «հայ ժողովուրդին հետ խնդիր չունինք, մեր խնդիրը սփիւռքահայութեան հետ է»
Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Ճէմիլ Չիչէք եւ անոր ընկերացող Խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը Ֆրանսա այցելութեան ընթացքին Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի Խորհրդարանի Նախագահ Գլոտ Պարթոլոնի, Ծերակոյտի Նախագահ Ժէրար Լարշէրի, Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի եւ Թուրքիա-Ֆրանսա Բարեկամական Խմբակի անդամներուն հետ։ Այս հանդիպումներէն վերջ Ճէմիլ Չիչէք Թուրքիոյ Դեսպանատան մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ելոյթ ունեցաւ։ Չիչէք անդրադարձաւ Ֆրանսայի Նախագահ Հոլանտի կողմէ Հայկական միութիւններու հաւաքոյթի ընթացքին Հայերու ու Թուրքերու ուղղուած կոչին։
Չիչէք ըսաւ. «2015 թուականը Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններու տեսակէտէ կարեւոր թուական է։ Մեր հանդիպումներու ընթացքին յայտնեցինք յարաբերութիւնները աւելի բարելաւելու մեր մաղթանքը։ Թուրքիա անշուշտ բնաւ չուրացաւ ցաւալի պատահարները։ 2005-էն ի վեր կը պնդենք, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի պատմաբաններէ կազմուած յանձնախումբի մը կողմէ։ Թուրքիա Հայ ժողովուրդին հետ խնդիր չունի, բուն խնդիրը Հայկական Սփիւռքն է, քանի որ Հայկական Սփիւռքը կը շարունակէ Թուրքիան արատաւորելու իր արշաւը ու իր հակակշռին տակ առնել կը ջանայ Հայաստանի քաղաքականութիւնը։ Կարգ մը խմբակներ անշուշտ դրամ կը շահին Թուրքիան արատաւորելու այս արշաւէն։ Ասիկա գրեթէ հացի խնդիր դարձած է անոնց համար»: