Միջ-կրօնական հանդիպում Մոնթրէալի մէջ

 

Չորեքշբաթի, 28 Յունուար 2015-ին, Մոնթրէալի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-կրօնական պետերու հանդիպում մը, նախագահութեամբ Քաղաքապետ պրն. Տէնի Քորտէրին։

Հանդիպման ընթացքին ներկայ կրօնաւորները խօսեցան իրենց համայնքները յուզող հարցերու մասին եւ շեշտուեցաւ միջ-կրօնական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբեղայ Թաշճեան ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, խօսք առաւ եւ յայտնեց ըսելով. «Մարդ անհատը հակառակ իր ինքնորոյն հաւատքին ու դաւանանքին, իր նմանին հետ զինք միացնողը սիրոյ եւ փոխ-յարգանքի արժէքներն են, հետեւաբար, կրօնքը իր ընդհանուր հասկացողութեամբ մարդկութիւնը իրար կապող եւ գոտեպնդող միակ ճամբան է»։

Աւարտին, Քաղաքապետ Քորտէր շնորհակալութիւն յատնելով ներկայ հոգեւոր պետերուն, իր կարգին շեշտեց միջ-կրօնական համագործակցութեան կարեւորութիւնը ձեռք բերելու համար խաղաղ եւ ծաղկուն ապագայ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.