Ամօթ, Երիտթուրք «Ղասապներուն» Կողմէ Հայերու Կոտորածի Օրը Պիտի Նշենք Իբրեւ Տօն. Radikal
\n
\n
Թուրք յայտնի մտաւորական «Ներեցէք մեզի, հայեր» արշաւի կազմակերպիչներէն Պասքըն Օրան թրքական Radikal պարբերականի իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է նախագահ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 24-ը Չանաքալէի յաղթանակի օր նշելու հետ կապուած խայտառակ յայտարարութեան: Այս մասին կը գրէ NEWS.am-ը:
\n
Պասքըն Օրան իր հրապարակման մէջ կը նշէ, որ այս տարի Թուրքիոյ նախագահը թրքական արտաքին քաղաքականութեան արգելակներէն հանդիսացող Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի նշէ Չանաքալէի ճակատամարտի օրը: «Եւ ամէն տարի Մարտ 18-ին նշուող այդ իրադարձութիւնը այս տարի «պիտի նշուի» երիտթուրք «ղասապներուն» կողմէ հայերու դաժան կոտորածներու խորհրդանշական օր հանդիսացող Ապրիլ 24-ին:
\n
Յայտնի լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք The Independent-ին մէջ գրած էր, որ կոտորուած 1,5 մլն հայերու ուրուականները պիտի քալեն անոնց կողքով:
\n
Պէտք է գետինը մտնենք: Լաւ, կ’անտեսենք այդ մարդոց ցաւերը, բայց եկէք չծաղրենք: Նախորդ տարի Էրտողան կը ցաւակցէր կոտորուած հայերու թոռներուն, իսկ այսօր անոր այս խայտառակութիւնը մարդուն կը փշաքաղեցնէ: Հայաստանի նախագահին Ապրիլ 24-ին կը հրաւիրէ Չանաքալ»:
\n
Ի՞նչ է սա: Ին՞չ տեսակի ամօթ: Որոշներու համար հասկնալի լեզուով ըսեմ, ինչ մե՞ղք է սա: Թատերական ներկայացման պատրաստ էինք, բայց այս ամօթը շատ եղաւ»,-ամփոփած է Պասքըն Օրան:
\n