Ըստ Թուրք պատմաբանին Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդ պիտի այցելեն Հռոմի Պապը, Հոլանտը, Օպաման եւ Մերքելը


Թուրքիոյ Չանաքքալէ քաղաքի «Մարտ 18» անունը կրող համալսարանի տնօրէն, հակահայ իր դրսեւորումներով ծանօթ թուրք պատմաբան Սետաթ Լաչիները հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին յօդուած մը գրած է վերջերս։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Ինթերնեթ հապեր» կայքէջը։

«Հայերը կը պահանջեն, որ Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այնուհետև մեծ գումարներ հատուցէ, իսկ վերջաւորութեան՝ հողեր վերադարձնէ։ Թուրքիան, իր կարգին, կը մերժէ կատարել վերոնշեալ պահանջները՝ յայտարարելով, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն չէ, հայերը զոհուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, երբ երկրին մէջ չկար իշխանութիւն եւ երկրին մէջ հիւանդութիւններ տարածուած էին», յօդուածին մէջ կը գրէ թուրք պատմաբանը։

 Լաչիները  կը նշէ, նաեւ որ հայերը լաւ ձեւով կը նախապատրաստուին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին։ Ըստ Լաչիների՝ Ապրիլ 24-ին, մեծ հաւանականությամբ, Ծիծեռնակաբերդ կ՚այցելեն Հռոմի Ֆրանցսիս Պապը եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, ինչպէս նաև չի բացառեր, որ այդ օրը Երևան գտնուին նաև ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպաման և Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքելը։

 Յօդուածի վերջաւորութեան Լաչիները կը շեշտէ, թէ հայերը 2015 թուականը որպէս հարցի վերջ չեն ընկալեր, այլ՝ հայերը 100-ամեակը կ՚ընդունին որպէս ազգային զարթօնքի տարի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1965 թուականին, երբ հայերը նշեցին Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը։

Թուրքագիտական պորտալ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.