Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիկա. «Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»
Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիկան մինչ պաշտօնավարման աւարտը հանդիպած է Ուրուկուէյի հայ համայնքի անդամներուն:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով CausaArmenia.orgը, հանդիպման Մուխիկան ընդգծած է հայ համայնքի ներդրումը Ուրուկուէյի մէջ եւ կարեւոր նկատած այն հանգամանքը, որ Ուրուկուէյը առաջինը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մուխիկան, ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին, համաձայնած է իր բարձր հովանաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առթիւ Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:
«Գիտեմ, որ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ` սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը: Թուրքերը պէտք է սորվին համբերութիւն ունենալ, աշխարհի մէջ, պէտք է ըլլայ բազմակարծութիւն, եւ մենք պէտք է յարգենք այն, այլապէս հնարաւոր չըլլար ապրիլ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ նուազագոյնը, որ պէտք է ընէ թրքական պետութիւնը, ինքնաքննադատութեան քաջութիւն ունենալն է` ընդունելու կատարուած բարբարոսութիւնները:
Խոսէ Մուխիկայի պաշտօնավարման օրօք Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի յարաբերութիւնները ալ աւելի ամրապնդուեցան, շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութիւնը աւելի խորացաւ:
Նախագահ Մուխիկայի օրօք Ուրուկուէյի մէջ օրէնք ընդունուեցաւ Մոնթեւիտէոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու վերաբերեալ: Կը գործէ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ: Այս տարուան սկիզբն ալ Ուրուգուէյի ԱԳ նախարար Լուիս Ալմակրոն յայտարարած էր Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային մակարդակով ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին` կարեւոր համարելով ազգերու ինքնորոշման փաստը: Երկկողմ յարաբերութիւններուն նպաստեց նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 2014թ. Յուլիսին կատարած այցը Ուրուկուէյ:
2014ի Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Ուրուգուէյի նախագահ ընտրուած է Տապարէ Վասկեսը, որ պետութեան ղեկավարի պաշտօնին Խոսէ Մուխիկային պիտի փոխարինէ այս տարուան Մարտ 1ին: