6 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ԱՆՑԱՆ ՀՅԴ ՇԱՐՔԵՐԸ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ 0

Անցնող շաբաթավերջին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Աթէնք ներկայութեան առիթով, տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 6 նորագիրներ մուտք գործեցին ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը։ Ընկ. Յակոբ Տէր -Խաչատուրեանի կնքահայրութեամբ, նորագիրները կատարեցին իրենց երդումը, հաւատարիմ մնալով հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան վսեմ սկզբունքին եւ յանձնառութեան։ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նորագիրներուն իր ուղղած խօսքին մէջ մատնանշեց Հ.Յ.Դ. 130ամեայ ծառայութեան մեծութիւնը եւ յորդորեց նորագիր ընկերներուն ծառայել հայ ժողովուրդին, կառչիլ հայրենիքի գաղափարին եւ հաւատարմօրէն նուիրաբերել իրենց ամբողջ ուժը հայութեան արդար դատի իրականացման։ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ նաեւ ընկերական ժողովի ընթացքին, լայնօրէն զեկուցեց ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենի եւ աշխարհասփիւռ գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.