Ըմբշամարտ. 2015-ի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայաստանի Հաւաքականին Մրցակիցները Յստակացան
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2015-ի տղոց յունահռոմէական, ազատ ոճի եւ աղջկանց ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Այս տարի վերոնշեալ մրցաշարքը կը կազմակերպուի տարբեր ձեւով. իւրաքանչիւրին պարագային անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 2014-ի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան առաջին ութ դիրքերը գրաւած ըմբշամարտի հաւաքականները:
Ազատ ոճի աշխարհի խմբային բաժակի խաղարկութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 19-20 փետրուարին` Իրանի մէջ, պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը:
Վիճակահանութեան հիմամբ Հայաստան, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, մրցաշարքին առաջին օրը իր դէմ պիտի ունենայ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Հունգարիան:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Իրան, Ազրպէյճան, Շուէտ եւ Գերմանիա:
Մրցաշարքին 2-րդ օրը հաւաքականները ըստ իրենց գրաւած դիրքերուն կը մրցին իրարու դէմ: