Էրտողան. «Աշխարհի ղեկավարներուն Ապրիլի 24-ին Թուրքիա հրաւիրած ենք»


«Հայկական սփիւռքի կողմէ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան օր յայտարարուած Ապրիլ 24-ին աշխարհի բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն հրաւիրած ենք Թուրքիա՝ մասնակցելու Տարտանէլի պատերազմի 100-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութեան», Յունուար 15-ին յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանը:

 Վերոնշեալ յայտարարութիւնը Էրտողան կատարած է Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ պաշտօնական այցով Անգարա գտնուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիև։

 Թրքական «Թուրքիէ Կազէթեսի» լրատուական կայքէջի հաղորդմամբ՝ համատեղ ասուլիսի ընթացին Էրտողանը յայտարարած է նաև, որ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի միջև առևտրաշրջանառութեան ծաւալը ներկայ 5 միլիառ տոլարէն 2023-ին կը նախատեսուի հասցնել 25 միլիառ տոլարի:

 Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Էրդտողան ըսած է. «Ծանօթացայ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հետ կապուած վերջին զարգացումներուն: Կը նկատեմ,որ Մինսկի խումբը անկեղծ չէ: Անոնց ըսածները անընդունելի են»:

 Իլհամ Ալիև իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով Էրդողանին ըսած է. «Ապրիլի 24-ին Տարտանէլի մէջ միասին պիտի ըլլանք: Այդ օրուայ ընտրութիւնը շատ կարևոր է: Հայաստանը խաղաղութիւն չի փափաքիր: Մինսկի խումբն ալ արդիւնքի չի հասնիր»: Ալիեւ նաև աւելցուցած է, թէ Հայաստանը կը շարունակէ «գրաւուած» պահել Ղարաբաղը՝ չմոռանալով անգամ մը եւս  յայտարարել, որ Ղարաբաղը պատմական «ատրպէյճանական» հող է:

 Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 24-ին բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն Թուրքիա հրաւիրելը կը բնութագրեն որպէս ռազմավարական և պատմական քայլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.