Քարէն Եփփէ՝ Մեծ Եղեռնի հայ որբերու պահապան հրեշտակը


Օրիորդ Քարէն Եփփէ եզակի անուն մըն է 1895 ի Համիտեան ջարդերէն սկսող մե» դժնդակ օրերուն եւ այնուհետեւ գաղութներու մէջ մեր ժողովուրդի վերականգնումի ճիգին իրենց նպաստը բերած օտար մարդասէրներու եւ նուիրեալներու հոյլին մէջ։

Ծնած է 1876ին, Դանիոյ Լիւմպէրկ քաղաքը, պետական ուսուցիչի համեստ ընտանիքի մէջ։ Երեք քոյրեր էին. ինք աւագն էր։ Ծննդավայրի դպրոցը աւարտելէ ետք հօր առաջարկութեամբ կ՚երթայ Քոփենհակն բժշկութիւն ուսանելու համար։ Համիտեան կոտորածներու տարիներն էին։ Մամուլը զգայացունց լուրեր կը հաղորդէր ջարդերու մասին։ Հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով կրցած էին իրենց քաղաքացիներուն խիղճը արթնցնել։ Քարէն Եփփէ կը հետեւէր մամուլին ու տեղեակ կ՚ըլլար հայ ժողովուրդի ապրած ահաւոր ողբերգութեան։ Ուսումէն հրաժարելով կ՚ուզէ մասնակից դառնալ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու սրբազան գործին։ Ան նամակագրական կապեր կը հաստատէ ՈւրՖայի մէջ որբահաւաքի գործ կատարող գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիւսի եւ ամերիկացի Միս Շաթիկի հետ։ Երկար ժամանակ պէտք կ՚ըլլայ համոզելու համար իր ծնողքը, եւ վերջապէս 1903ին կը հասնի ՈւրՖա։

27 տարեկան էր, երբ իրեն կը վստահուի 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը։ Ան իր թղթակցութիւններով օժանդակութիւն կ՚ապահովէ որբանոցին ու որբերը տնտեսապէս անկախ դարձնելու համար արհաստանոց կը բանայ։

«Միսս» (անգլերէնով օրիորդ) Եփփէ շուտով հայերէն կը սորվի։ ՈւրՖայի բարբառին ու գրական արեւմտահայերէնին խառնուրդ մըն էր իրը, որ այնքան հաճելի կը հնչէր դանիացի օրիորդին շրթներէն։ Ան կ՚արժանանայ բոլորին սիրոյն ու ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփէ Մայրիկ» անունով, որ փաղաքշական բառախաղ մը կը դառնայ հայերէն նմանաձայն բառերու կապելու պարագային։

Քարէն Եփփէ 1915-ին ՈւրՖա կը գտնուէր։ Ան ոչինչ խնայեց ՈւրՖայէն անցնող հայ տարագիրներուն, ապա ՈւրՖայի հայոց հերոսամարտի հայ դիւցազուններուն օգտակար ըլլալու համար։ ՈւրՖայի դիւցազնամարտին անդրադարձող բոլոր հեղինակները յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշատակեն դանիացի օրիորդին քաջասրտութիւնն ու մարդասիրութիւնը։

1917ին Դանիա վերադարձած ու ծանրօրէն հիւանդ Քարէն Եփփէ ապաքինելէ ետք դասախօսութիւններով ու յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդի ապրած ահաւոր եղեռնին շուրջ եւ կ՚աշխատի միջոցներ հաւաքելով Հալէպ հասնիլ հայ խլեակներուն օգտակար ըլլալու համար։ Ան կ՚իմանայ, որ իր որդեգիրները՝ տէր եւ տիկին Միսաք եւ Լուսիա Մելքոնեանները ողջ են ու Հալէպ կը գտնուին եւ շատերու պէս կ՚ուզեն Պոլիս, Եւրոպա կամ Ամերիկա անցնիլ։ 29-8-1920 թուակիր, իր ձեռքով գրուած հայերէն նամակին մէջ կը գրէ անոնց.

 «- Ես ալ կ՚ըսեմ, թէ ՈւրՖա ի՜նչ կորսնցուցած ենք։ Երբոր Հալէպ գործ մը կրնաք գտնել՝ հոն մնացէք, ես ալ հոն կու գամ, անկէ Հայասթան երթանք, Բոլիս անպիտու տեղ մըն է, վաս անցէք»:

Քարէն Եփփէ 1920ին Հալէպ կու գայ ու բոլորովին անհատական ճիգերով կը լծուի տարագիր իր սիրելի ժողովուրդին վերապրող խլեակներուն օգտակար ըլլալու գործին։ Իրեն զօրավիգ կը կանգնի Հայերու Դանիացի Բարեկամներ ընկերակցութիւնը, որ կը կազմուի իր անմիջական շփումներուն ու թղթակցութիւններուն շնորհիւ։

 Ան իր ծառայութիւնները կը սկսի Սիւլէյմանիէի հիւղաւանին մէջ իբրեւ պաշտպան այրի կիներու եւ որբերու։ Հայ այրի կանանց եկամուտի աղբիւր հայթայթելու մտահոգութեամբ Թիլէլի մէջ կը հաստատէ ասեղնագործութեան աշխատանոց մը, ուր մեծ թիւով կիներ կ՚աշխատին աւելի քան քառորդ դար ու անկէ իրենց ապրուստը կ՚ապահովեն։ Այս գործին մէջ իրեն զօրավիգ ու գործակից կը դառնայ լեհ ծագումով ու իր կողմէ որդեգրուած Լիոփոլտ Կաշշիկը (Leopold Gassczyk), որ գիտակ էր քանի մը լեզուներու եւ իր թղթակցութիւններով Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ, Տանիմարքայի, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ շուկայ կը պատրաստէր հայ կանանց ձեռային աշխատանքներուն։

 1922ին Քարէն Եփփէ կը նշանակուի Ազգերու Լիկայի լիազօր ներկայացուցիչ, զբաղելու համար գաղթական հայերու տեղաւորման հարցերով։ Այս գործին համար պիւտճէ կը տրամադրուի անոր։ Միջոցները կը շատնան։ Քարէն Եփփէ կը մասնակցի Սուրիոյ հիւսիսը շարք մը բնակավայրերու մէջ հայ գաղթականներ տեղաւորելու ու զանոնք ֆինանսաւորելու գործին, իր գործունէութեան կայաններ դարձնելով Ճարապլուս, Թէլ Ապիատ, Ռաս Իւլ Այն, Թէլ Սիմէն, Ապու Թինա եւ Խրպէթ Րըզ գիւղերը։ Իր հիմնած ու հայերով բնակեցուցած Թինա գիւղը ամբողջութեամբ կ՚առնէ Հայերու Դանիացի Բարեկամներ ընկերակցութեան հոգատարութեան տակ եւ անոր վերակացու կը նշանակէ Միսաք Մելքոնեանը։

 Քարէն Եփփէի ամէնէն սուրբ գործը կ՚ըլլայ որբեր ու այրի կիներ հաւաքելու արշաւը, որ կը կատարէ շատ յանդուգն քայլեր առնելով ու յաճախ շրջելով գիւղէ գիւղ։ Այդ գործին մէջ իրեն աջակից կը դառնան իր խիզախ որդեգիրը՝ Միսաք Մելքոնեան եւ արաբ ցեղապետներ։ Հազարաւոր այրիներ, որբեր եւ չափահաս մարդիկ կ՚անցնին սահմանը ու կը ներկայանան այս կայաններուն։ Իւրաքանչիւր բերուած հայուն համար 10 օսմանեան ոսկի կը վճարէր Քարէն Եփփէ։ Ան, փրկուած հայերը կը տեղաւորէր իր հիմնած գիւղերուն մէջ, փոքրերն ու այրի կիները կ՚առնէր իր անմիջական խնամքին տակ, իսկ ուրիշներու համար կայք կը գտնէր Ազգային Առաջնորդարանի հետ գործակցաբար։

 Ազգերու Դաշնակցութեան տրամադրած պիւտճէով Քարէն Եփփէ կը պաշտօնականացնէ Հալէպի մէջ հայ որբեւայրիներ եւ անոնց որբերը խնամելու գործը եւ իր հաստատութիւնը կը կոչէ OEUVRE DE PROTECTION DES FEMMES ET DES ENFANTS (Կանանց եւ Մանուկներու Պաշտպանութեան Գործ), որ նախ կը գործէ Թիլէլի մէջ։ 1924ին իր անունով կը գնէ տասը հազար քառ. մեթր տարածութիւն մը քաղաքէն դուրս, Մէյտան կոչուող տեղը, ուր 1926ին եւ 1929ին կը կառուցէ ինը միայարկ տաղաւարներ 80 սենեակներով եւ հոն կը պատսպարէիր որբեւայրիները իրենց 200 որբերով։

 Քարէն Եփփէ սերտ գործակցութեան մէջ էր հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային իշխանութիւններուն հետ։ Ան յաճախ խորհրդակցական հանդիպումներ կ՚ունենար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Խապայեանի ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի հետ։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը եղած էր հայութեան վերադարձնել իր հաւաքած որբերը՝ անոնց ապահովելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանի դաստիարակութիւնը։

 Մեծ կ՚ըլլան անոր նիւթական եւ բարոյական նպաստները իր կալուածին հարաւային կողմը գտնուող Ազգային Սահակեան Վարժարանի (1927), Ս. Գրիգոր Լուսաւորի Եկեղեցւոյ (1930) շինութեանց եւ առհասարակ Մէյտանի մէջ հայ գաղթականներուն համար մնայուն բնակութիւն հաստատելու աշխատանքներուն մէջ։ Նորաբնակները շրջանը կը կոչեն Նոր Գիւղ։

 Սահակ Կաթողիկոս 21 Մարտ 1926 թուակիր իր կոնդակով բարձրօրէն կը գնահատէ Քարէն Եփփէի մարդասիրական մեծ ծառայութիւնները։ Դանիոյ պետութիւնն ալ զինք կը պատուէ Պատուոյ Լէգէոնի Ասպետի Առաջին Կարգի Շքանշանով։ 1928ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան Քարէն Եփփէի հայանպաստ գործունէութեան 25ամեակին առթիւ յոբելինական հաւաք մը կը կազմակերպէ Ազգային Հայկազեան Մանկապարտէզի սրահին մէջ։

 Օր. Քարէն Եփփէ կը մահանայ Յուլիս 7, 1934ին։ Ծնունդով դանիացի բողոքական այս օրիորդը իր կեանքին երկրորդ կէսէն աւելին կ՚ապրի ու կը մեռնի իբրեւ հայ առաքելական։ Իր կտակին համաձայն յուղարկաւորութիւնն ու թաղման ծէսը կը կատարէ հայ եկեղեցին՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոսի, եկեղեցական դասուն եւ բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Առաջնորդը կը փափաքի, որ Քարէն Եփփէ թաղուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչ Եկեղեցւոյ բակին մէջ, որուն «կնքահայր»ներէն մէկն էր եղած հանգուցեալը։ Ֆրանսական իշխանութիւնները արգելք կը հանդիսանան։

Քարէն Եփփէի շիրիմը կը գտնուի Հալէպի Հայոց Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

 1947-ին կը հիմնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.