Հայոց Արեւելից Կողմանց Սահմանապահները
- (0)

Սեպտեմբերի արեւաբոյր առաւօտ է Արցախի մէջ։ Ասկերանի զօրամասին մէջ զինուորական եռուզեռ է։ 1994-ի Մայիսին կնքուած հրադադարէն ետք, Օգոստոսի սկիզբը ատրպէյճանական կողմէն դաւադիր յարձակումներու հետեւանքով, երկու հակադիր կողմերու սահմանային զօրամասերը ահազանգային վիճակի մէջ են։
Փոխ գնդապետ Քամալեան եւ փոխ գնդապետ Յակոբեան ինծի կը յանձնեն փամփշտարգել զրահանդերձը ապահովութեան համար։ Զինուորական փոխադրակառքով կ՚ուղղուինք Աղտամի ռազմաճակատ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատուկ թոյլտուութեամբ, կը մեկնինք Աղտամի թիւ X խրամադիրք, կամ խրամաբջիջ, ինչպէս զինուորական հասկացողութեամբ կը կոչեն հոս, ռազմագիծի սահմանային պահակակէտը։
Կը հասնինք Ակնա, Աղտամ։ Այժմ ուրուականներու բոյն դարձած այս ատրպէյճանական քաղաքը՝ պատերազմի թէժ օրերուն Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը ամենօրեայ ռմբակոծումներով եւ հրթիռարձակութեամբ պատուհասող թշնամիի որջն էր։ Այսօր, երբեմնի քաղաքի միակ կանգուն կառոյցը՝ մինարէթները դէպի երկինք պարզած իսլամական մզկիթն է։ Այստեղ 1993-ի Յուլիս 24-ին մղուած ճակատամարտով վճռուած է Արցախի արեւելեան սահմանի ապահովութեան ապագայ ճակատագիրը, երբ հայ ռազմիկներու յանդուգն յարձակումով ազատագրուած է Աղտամը եւ այդ գործողութեամբ ամրապնդուած են Ջրաբերդի, Խաչենի, Վարանդայի եւ Դիզակի արեւելեան սահմանադռները:
Կը հասնինք խրամադիրք։ Մեր եւ հակառակորդի դիրքերուն միջեւ հեռաւորութիւնը 500 մեթր է, որ կը վկայէ, թէ սահմանային այս ռազմադիրքը վտանգաւոր գիծ է։ Այստեղ մարտական հերթապահութիւնը իրականացնող սահմանապահ զինուորները սպառազինուած են ամբողջական զրահանդերձով, նռնականետերով եւ այլ պաշտպանողական զինապահեստով։ Զինուորները կարգապահ են, ազնուական կեցուածքով։ Կը զրուցենք։ Կը հարցնեն գանատահայութեան մասին։ Իրենց կը վստահեցնեմ, որ Գանատայի եւ Սփիւռքի այլ հայկական ոստաններու մէջ, սփիւռքահայ իրենց քոյրերն ու եղբայրները ամուր կառչած են պաշտպանողական երկրորդ գիծին վրայ՝ քարոզչական պատերազմի խրամներուն մէջ, դիմագրաւելու համար ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը։
Խրամատին մէջ, պահակադիրքին մէջ դիրքաւորուած սահմանապահ զինուորը, դէպի հակառակորդի դիրք նայող նեղ ծերպին ուղղելով ցուցամատը, կը բացատրէ հեռուն դարանակալած հակառակորդի դիրքերը։ Փոխ գնդապետ Քամալեանի եւ փոխ գնդապետ Յակոբեանի հետ կ՚ըմպենք հայկական բանակի համեղ սուրճը։
Անոնք կը հաստատեն, թէ հայկական յառաջապահ ստորաբաժանումները կը վերահսկեն իրադրութիւնը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով։ Բաղդատելով Յուլիս-Օգոստոս ամիսներու պայթիւնավտանգ կացութեան, կրակոցներն ու դիպուկահարութեան դէպքերը զգալիօրէն նուազած են։
Մէկ բան յստակ է եւ այդ մէկը կը փաստեն սահմանը պաշտպանող հայ մարտիկներու վճռակամ նայուածքները, որ իրենք զգօն են, պատրաստ՝ թշնամիին սադրանքները դիմակայելու, զանոնք կանխարգիլելու եւ ի հարկին արժանի հակահարուած տալու։
Հրաժեշտ կ՚առնենք զինուորներէն, այն երիտասարդներէն, որոնք Յուլիս-Օգոստոսի թշնամիին կողմէ սանձազերծուած խափանարար գործողութիւնները ձախողութեան մատնեցին, որոնց գնդացիրներու դիպուկ հարուածներուն տակ թշնամին տուաւ տասնեակներով կորուստ եւ փաստեցին, որ հայ զինուորը, իր մարտական եւ բարոյահոգեբանական բարձր պատրաստուածութեամբ ի վիճակի է պարտութեան մատնելու թշնամին։ Հրաժեշտ կ՚առնենք այն երիտասարդներէն՝ որոնք Արցախի հիւսիս-արեւելեան մատոյցներուն վրայ, թէժ մարտերու ընթացքին իրենց արեամբ վերագծեցին ու ամրագրեցին հայրենիքի սահմանները։
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
ԱԿՆԱ