Սեւակ Պալըքճըի Դատը Սկզբնական Փուլէն Պիտի Վերսկսի


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լրագրող Հրանդ Գասպարեան «Տեմոքրաթհապեր» կայքին միջոցով կը տեղեկացնէ, թէ զինուորական պարտականութեան ընթացքին, 2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի դատը վճռաբեկ ատեանին կողմէ ջն-ջուած է՝ սկզբնական փուլէն վերսկսելու որոշումով։
Ինչպէս ծանօթ է, Սեւակ Շահին Պալըքճը Պաթմանի Գոզլուք գիւղաքաղաքի ոստիկան զօրաց պահականոցին մէջ զինուորական պարտականութիւն կը կատարէր, երբ սպաննուեցաւ Գըւանչ Աղաօղլուի կողմէ։ Առաջարկուեցաւ, որ Աղաօղլու դատարան ներկայացուի «գիտակցաբար մարդ սպաննել»ու յանցանքով, մինչ Աղաօղլու իր պաշտպանողական դատին ընթացքին պնդեց, որ «արկած»ի հետեւանքով պատահած է այս սպանութիւնը։ Ան զինուորական վճռաբեկ ատեանին դիմում կատարեց՝ առաջարկելով, որ իրեն տրուած չորս տարի եւ հինգ ամիս բանտարկութեան պատիժը ջնջուի։
Դատավարութեան նիստին ընթացքին Սեւակ Պալըքճըի հայրը՝ Կարապետ Պալըքճը, յայտնեց, որ իրենք ունին այն համոզումը, թէ իրենց որդին սպաննուած է գիտակցաբար։ Ան պահանջեց, որ քննարկութեան եւ մեկնաբանութեան նիւթ դառնայ՝ «Քեզ կը սպաննեմ գիրուկս. այս քու վերջին անգամ ճաշակելիք չէօրէկը պիտի ըլլայ» խօսքը, որ սպանութեան պահուն ուղղուած էր Սեւակին։
Դատարանը այս փուլէն ետք ետդարձ ըրաւ եւ որոշեց, որ այս նիւթին մասին մինչեւ այսօր պատրաստուած թղթածրարները անտեսուին, դատը ջնջուի եւ վերսկսի։
Դէպքի ականատես վկաները դարձեալ դատարան պիտի կանչուին եւ դարձեալ պիտի հարցաքննուին։
Կ՛ըսուի, որ ականատեսներ «սուտ վկայութիւն» բերելու յանցանքով դատի տրուած են. վկաները, զանազան սպառնալիքներու ճնշումին տակ, իրարմէ տարբեր խոստովանութիւններ ըրած են, հետեւաբար դատարանը այս որոշումը տուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.