Թէ ինչպէս Լիբանանի «Հայկազեան» համալսարանը անջրպետ աձակեց «Մայրի» հրթիւռները


Մայրի մը լուսնին վրայ՝ լիբանանեան հրթիռային ընկերակցութեան տարօրինակ պատմութիւնը 

“Lebanese Rocket Society: The strange Tale of the Lebanese Space Race”։ Այսպէս կը կոչուի Ճոաննա ՀաճիԹոմասի ու Խալիլ Ժրէյժի վերջին վաւերագրական ժապաւէնը։ Տարօրինակ, որովհետեւ ո՞վ կը յիշէ այսօր թէ ինչպէ՛ս վաթսունականներուն խումբ մը համալսարանական ուսանողներ, առաջնորդութեամբ իրենց գիտութեան ուսուցչին, կը յաջողէին իրագործել հրթիռարձակման յանդուգն ծրագիր մը, օդին արձակելով երթալէն աւելի երկար տարածութիւններ կտրող հրթիռներու շարան մը։ 

Օրին հրթիռարձակումներու պատկերները կը գրաւեն թերթերու առաջին էջերը։ Անոնք կը նշուին պետական մակարդակով ու ծրագրին երթալէն աւելի պահանջկոտ դարձող նիւթական մատակարարումը կը կատարուի լիբանանեան պետութեան ու բանակի նեցուկով։ 1963ին արձակուած Cedar IV հրթիռը կը հասնի 140 քիլոմեթր բարձրութեան, այսինքն ցած ընթածիր հաստատուած արհեստական արբանեակներու ոլորտը։ Ասիկա, այնպիսի օրերու երբ միակ երկու երկիները, որոնք այս տեսակի կարողութիւն կամ ծրագիր կը հետապնդէին ու հեւ ի հեւ վազքի մէջ էին զիրար գերազանցելու, կը կոչուէին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն։ 

Համալսարանը՝ Հայկազեան Գոլէճն էր։ Ուսուցիչը՝ Մանուկ Մանուկեան։ Ծրագիրը կը խափանուի 1967ին, որմէ ետք կը կորսուի նաեւ անոր յիշողութիւնը։ Այս կէտի հարցադրումէն կը մեկնի ՀաճիԹոմաս-Ժրէյժ զոյգին վերեւ նշուած 2013ի ժապաւէնը։ Ինչպէ՞ս բացատրել այսպիսի հպարտութիւն առթող դրուագի մը, որ ուրիշ վայրի մէջ դիւրութեամբ պիտի վերածուեր ազգային միթի, ամբողջական մոռացումը։ Ան ոչ թէ միայն չէ անցած հաւաքական յիշողութեան մէջ, մէկդի թողելով միթի անցնելու յաւակնութիւնը, այլ ոչ իսկ հասած է յաջորդ սերունդներուն իբրեւ շշուկ։ 

Բեմադրիչները հարցադրումը կը սկսին իրենց իսկ կատարեալ անգիտութենէն դրուագին իրողութեան մասին։ Երբ քանի մը տարի առաջ նոր ժապաւէնի համար նիւթ փնտռելու արշաւին մէջ կը գտնուին, իրազեկ կը դառնան հրթիռարձակման ծրագրին ու կը մնան ափ ի բերան։ Չեն հաւատար որ այդպիսի բան կրնայ իսկապէս պատահած ըլլալ։ Լիբանանը ո՞ւր, անջրպետարշաւը ո՜ւր։ Այդպիտի իրագործումի մը մասին ինչպէ՞ս մարդ չէ լսած։ Ինչպէ՞ս իրենց չէ պատմուած։ Ինչպէ՞ս ոչ դպրոցէն ներս, ոչ ալ հաւաքական յիշողութեան մէջ ոչ մէկը անոր մասին չէ խօսած, ոչ իսկ տեղ մը արձանագրուած է ան։ 

Կը սկսին հարց ու փորձի արշաւի մը, հարցնելով աջին ու ձախին, պրպտելով պետական ու լրատուաական արխիւները։ Սկիզբը կը գտնեն միայն արձագանգ մը, ուսանողական գիտական ակումբի մը վերագրուած ու քանի մը լուսանկար։ Սակայն յաւելեալ պրպտումը ի յայտ կը բերէ ծրագրին աւելի լայն՝ համալիբանանեան ծաւալն ու հանգոյցը կը սկսի կամաց-կամաց քակուիլ։
Ծրագիրը հաստատուած էր իբրեւ արտադպրոցական գործունէութիւն օրին Հայկազեան Գոլէճի գիտութեան եւ ուսողութեան ուսուցիչ Մանուկ Մանուկեանի կողմէ, գործնական պարապմունք հայթայթելով իր իսկ ղեկավարած գիտական ակումբի ուսանողներուն։ Նպատակը դասընթացքներու տեսական ոլորտէն գործնականի անցքն էր, զերոյէն ծրագրելով ու իրագործելով հրթիռարձակման շարք մը՝ յաղագս գիտութեան։ Մանուկեան կը խոստովանի թէ կ՚որոշէ ակումբը կոչել «Հայկազեան Գոլէճի հրթիռարձակման ընկերակցութիւն», փոխանակ սովորական «գիտական ամումբ»ին, իբրեւ խայծ, յուսալով զայն դարձնել հետաքրքրական ուսանողական աւելի լայն շրջանակի մը, աւելի մեծ թիւով ուսանողներ ներքաշելու միտումով։

Ակումբը իսկապէս կ՚ունենայ մեծ ժողովրդականութիւն ու կու գան արձանագրուելու մեծ թիւով ուսանողներ, մասնակցելով տեսական բաժիններուն ինչպէս նաեւ գործնական արշաւներուն։ Արտադրութիւնը ամբողջովին տնային է, շուկան ծախուող նիւթերու օգտագործմամբ։ Առաջին հրթիռները փոքր ծաւալի են, խաղալիքի նմանող։ Անոնց մարմինը կը պատրաստուի հասարակ երկաթեայ խողովակներէ։ Մինչեւ իսկ անհրաժեշտ վառելանիւթը կ՚արտադրեն իրենք, իրար խառնելով զանազան քիմիական նիւթեր։ Կատարեալ արկածախնդրութիւն մը։ 

Արձակման փորձերուն համար անդամներով կ՚ուղղուին Լիբանանի լեռները։ Առաջին քանի մը փորձէ ետք 1961ին կը յաջողին թռցնել առաջին հրթիռ մը մէկ քիլոմեթր, ապա երկու քիլոմեթր բարձրութեամբ։ Վերջապէս կը պատահի անխուսափելին։ Առիթով մը հրթիռը փոխանակ ուղղուելու երկինք, կ՚երթայ հանգրուանելու մօտակայ գիւղի մը եկեղեցւոյ փակը։ Ուրիշ առիթով մը կը վիրաւորուին երկու ուսանող։ Լուրը կը հասնի պետութեան դռները։

 

Մանուկ Մանուկեան

Օրուան երկրի նախագահ Ֆուատ Շէհապ տեսակցութեան կը հրաւիրէ Մանուկեանը ու հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ խումբին կատարած փորձերուն հանդէպ, անոնց տրամադրելով նիւթական օժանդակութիւն։ Աշխատանքը կը շարունակուի մեծ թափով ու կը կազմակերպուի երկու հանգրուանով ճամբորդող հրթիռներու իրագործում։ 1962ին գարնան HCRS-7 (Haigazian College Rocket Society) հրթիռը կը հասնի 11.5 քիլոմեթր բարձրութեան։ Ընկերակցութեան պիւտճէն 15,000 լիբանանեան թղթադրամ է։ Հրթիռարձակումները կը կատարուին լիբանանեան բանակի հսկողութեան ներքեւ։ 

1962ի ամրան Cedar II B եւ C հրթիռները կը հասնին 20 քիլոմեթր բարձրութեան։ Հետաքրքրութիւնը արդէն համալիբանանեան է, թէեւ ակումբի անդամներուն մեծ մասը կազմուած է Հայկազեանի հայազգի ուսանողներէն։ Ընկերակցութիւնը կը վերանուանուի Lebanese Rocket Society, նպատակ ունենալով ոչ նուազ քան անջրպետի հետազօտումը։ Յաւակնոտ տեսիլք անշուշտ, սակայն ինչո՞ւ չէ։ Հետաքրքրականը մէկ կողմէն իրագործուած յաջողութիւններու տարողութեան ու միւս կողմէն անոր տեղ տուող երկրին ու պիտճէին միջեւ անհաւասար համեմատութիւնն է, տակաւին մոռնալով անջրպետային վազքի մէջ գտնուող գերպետութիւններու կարողութիւններուն ու ախորժակներուն հետ մրցելու յաւակնութիւնը։ Լիբանանի պէս պզտիկ երկիր մը ինչպէ՞ս կրնար չափուիլ ասոնց հետ։ Հարցումը գրեթէ անհեթեթ կը թուի, այնքան որ կարծես մարդիկ չեն իսկ ուզած հաւատալ կամ արձանագրել զայն հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Մանուկեանի գլխաւոր թիրախը տեսականին ու գործառականին անբաժանելի կապը ցուցադրել է ուսանողներուն, գիրքերէն անցնելով գետնին ու երկնքին։ Սահմանը անշուշտ գիտութիւնն է, իսկ ընկերակցութեան անդամներուն երեւակայութիւնը՝ անսահման։Պէտք է նաեւ յիշել օրուան անսահման լաւատեսութիւնն ու հաւատքը գիտութեան ընծայելիք մօտալուտ բարիքներուն հանդէպ, ընդհանուր զարգացման ու յառաջդիմութեան տեսլականը, որուն երազով տոգորուած էր նաեւ մերձաւոր արեւելքն ու արաբական աշխարհը։ 1967ի մեծ պարտութիւնը տակաւին չէր պատահած, թէեւ զինուելու արշաւը համատարած էր ու հրթիռարձակաման այսպիսի յանդուգն ծրագիր մը չէր կրնար խուսափիլ զանազան կողմերու լրտեսական ու ռազմական հետաքրքրութիւններէն։ 

1962ի նոյեմբերին կ՚արձակուի երեք հանգրուանով Cedar 3 հրթիռը։ Հասակ՝ 6.80 մեթր։ Կշիռք՝ 1.2 թոն։ Լիբանանեան հրթիռարձակման ծրագրին փառքի օրերն են։ 1963ին կ՚արձակուի Cedar IVը։ Մինչ այդ Մանուկեան կը դարպասուի զանազան ռազմական ախորժակներ սնուցանող կողմերէ, մեծ գումարներու խոստումներով փոխան իր ծառայութեան։ 1966ին հրթիռարձակման փորձ մը քանի մը մեթրով միայն կը խուսափի զարնուելէ միջերկրականի բացերը նաւարկող բրիտանական մարտանաւի մը։ 1967ի մութ ամպերը մօտալուտ են ու Մանուկեան կ՚ապաստանի ԱՄՆ, ուր կը շարունակէ իր ուսումը ու կը դառնայ համալսարանի դասախօս։ Հրթիռարձակման ծրագիրը կը կասեցուի վերեւէն եկած հրամանով։ Վրայ կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ու ակումբի անդամները կը տարտղնուին երկրէ երկիր, իսկ ակումբին յիշատակը կամաց-կամաց կ՚անհետանայ։ Խափանումը, ինչպէս միշտ, կը խափանէ նաեւ անոր յիշատակը։

Հաճիթոմաս ու Ժրէյժ երբ կը լսեն թէ Մանուկ Մանուկեան ողջ է ու կ՚ապրի ԱՄՆ, կը փորձեն հետը կապ հաստատել։ Սկզբնական թերահաւատութենէ ետք Մանուկեան կ՚ընդունի զիրենք Ֆլորիտա, ուր կը դասաւանդէ։ Անոնք իր մօտ կը յայտնաբերեն իրենց փնտռած տեղեկութիւններու գանձը։ Արդարեւ Մանուկեան հետը տարած ու տասնամեակներով պահած է հրթիռարձակման ընկերակցութեան լրիւ արխիւը, լուսանկարներով ու ֆիլմերով ճոխացած, յուսալով որ օր մը զայն փնտռող ու կրկին յիշողութեան մակերեսին հանող կը գտնուի։ Բեմադրիչները կը դառնան այդ անձերը։

Ֆիլմը ունի իւրայատուկ վերջաւորութիւն մը։ Բեմադրիչները կ՚այցելեն Հայկազեան համալսարան ու կ՚անդրադառնան թէ հոն է, ասինքն անոր ծնունդ տուող վայրին մէջ է, ուր պէտք է ամրապնդել ամբողջ Լիբանանի ու արաբական աշխարհի դրական պարծանք ծառայող այսպիսի դրուագի մը յուշը։ Կ՚որոշեն արտադրել յուշակոթող մը՝ Cedar IV հրթիռին կրկնօրինակով, ու զայն պաշտօնական հանդիսութեամբ տեղադրել համալսարանի շրջափակը։ Կ՚անցնին աշխատանքի։ Անոր արտադրութիւնը կը կատարուի մայրաքաղաքէն դուրս գտնուող մասնագիտական գործարանի մը մէջ։ Ապա ան իր լրիւ երկայնքով կը տեղադրուի բաց բեռնատարի մը վրայ ու կը տեղափոխուի՝ զինուորական հսկողութեամբ՝ մայրաքաղաքի հիւսիսային մայրուղիէն, անցնելով քաղաքի զանազան թաղամասերէն, մինչեւ Հայկազեանի շրջափակ, Մէքսիք փողոց։ Ականատես ժողովուրդը ապշած կը դիտէ բեռնատարն ու անոր լանջին պառկած ու ճերմակ ներկուած հսկայական հրթիռը։ Կրկի՞ն պատերազմ է արդեօք։ Այս ի՞նչ տեսակի զէնք է, ի՞նչ բեմադրութիւն։ 

Պէտք չէ մոռնալ անշուշտ պատերազմի յիշողութեան երկարաձգման ու ներկայ խառնակ օրերու ընհանուր մթնոլորտը։ Բեմադրիչներուն նպատակը անշուշտ ժողովուրդը վախցնել չէ, այլ հրթիռարձակման ծրագրի խափանման, անոր յիշատակը արգիլող մոռացումին բեկանումը՝ յուշակոթողի բեմադրուած փոխադրութեան ու պաշտօնական հաստատման միջոցով համալսարանի շրջափակը։ Կը կատարուին նաեւ ցուցահանդէսներ դրուագէն առարկաներով ու լուսանկարներով։ Այս առիթով հայերու կողմէ կը հիւսուի գորգ մը, օրին լիբանանեան թղթատարութեան թողարկած ու Cedar IVը նշող դրոշմաթուղթի պատկերով։ Գորգը անշուշտ գիտակից արձագանգն է ուրիշ մոռցուած դրուագի մը, լիբանանհայ որբերու կողմէ հիւսուած այն գորգին, որ նուիրուած է Միացեալ Նա-հանգներու Սպիտակ Տան։ Բեմադրիչները զգայուն են նաեւ այս զուգահեռին։

Ժըրէյժ ու ՀաճիԹոմաս կ՚ըսեն թէ զիրենք հետաքրքրողը միշտ եղած է հետքին հետքը ու անոր պեղումը։ ՀաճիԹոմաս ինք կու գայ ընտանիքէ մը, որ փախած է Իզմիրի հրդեհէն ու պարպումէն 1922-ին։ Ընտանեկան յիշողութեան մէջ միշտ ներկայ եղած է հոն մնացած մեծ հօրը մօր օժիտը պարունակող դրամատան մը ապահով արկղը։ Տարիներ ետք երբ կրկին զայն ձեռք ձգած ու բացած են դուռը, անդրադարձած են թէ ան պարպուած է ետեւէն փորուած ծակէ մը, կողոպտուած։ Մեծ հայրը ամբողջ կեանքը կ՚անցընէ լիբանանեան դրամատան մը մէջ վարձուած ապահով արկղի մը մէջ յիշողութենէն վերակազմելով, վերարտադրելով մօրը օժիտին կտորները։

Այս պարագային ալ պրպտումը կը սկսի երբ անոնք կը յայտնաբերեն հրթիռին պատկերով դրոշմաթուղթը ու չեն հասկնար թէ ան ինչի՞ կրնայ յղուիլ, երբ ո՛չ հրթիռը գոյութիւն ունի, ոչ ալ անոր յիշողութիւնը։ ի՞նչ կրնայ մարմնաւորել այդ դրոշմաթուղթը։ Հետաքրքրական է որ դրուագին երկու գլխաւոր լուսանկարիչները՝ Ասատ Ժրատի ու Հարի Գունտագճեան, պատերազմին հետեւանքով երկուքն ալ կորսնցուցած են իրենց նկարներուն նեկաթիւները։ Աւելի ուշ երբ Մանուկեանի մօտ կը գտնեն յաւելեալ լուսանկարներ, կրկին կ՚անդրադառնան թէ բան մը կը պասկի։ Պատմութիւնը կերտուած է առանց անոնց, այնպէս որ լուսանկարներուն առջեւ անկարող ենք ընդունելու այդ անցեալը, անկարող անոր մէջ տեսնելու մենք մեզ, կարծես ան պատահած չըլլայ։

Ֆիլմը, յուշակոթողը, ցուցահանդէսը ու արտադրուած զանազան իրերն ու հարցադրումները կը միտին ոչ այնքան դրուագը պահպանելու, այլ փորձ մըն են զայն կրկին մտցնելու մեր երեւակայութեան մէջ, որովհետեւ հիմնական պակսողը այդ է, հաւաքական անկարողութիւնը այդպիսի բան մը երեւակայելու, յուսալով որ ֆիլմին ընկերակցող զանազան դրսեւորումներն ու իրադարձութիւնները ճամբայ բանան դրուագին վերստին ընկալման մեր կեանքերէն ու մանաւանդ ինքնապատկերացումներէն ներս։ Ահաւասիկ մարտահրաւէրը։ Ինչպէ՞ս ներառնել դրուագ մը որ կորսուած է մեր հաւաքական անցեալէն։ Ինչպէ՞ս արձանագրել զայն, ոչ իբրեւ պարզ յուշ կամ մեռեալ արձանագրութիւն, այլ իբրեւ կենդանի իրողութիւն, բան մը որուն հետ կրնանք շփուիլ ներկային մէջ ու ազդել-ազդուիլ։ Ինչպէ՞ս մտնել կորսուածին մտերմութեան մէջ։ 

ՐԱ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.