Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանուածներու ճգնաժամին մասին «Անոնք պիտի չմեռնին» վաւերագրական ժապաւէնը

broadwayworld.com կայքը կը հաղորդէ‚ որ այս Ապրիլին ԱՄՆ-ի տարածքին պետական պատկերասփիւռի կայանները սկսած են ցուցադրել «Անոնք պիտի չմեռնին՝ Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան պատմութիւնը» (They Shall Not Perish: The Story of Near East Relief)։ Վաւերագրական ժապաւէնի արտադրիչն է Շանթ Մարտիրոսեան եւ մրցանակակիր գրող-բեմադրիչ Ճորճ Պիլիյըրտ։ «Անոնք պիտի չկորսուին»ը կը ներկայացնէ աննախադէպ մարդասիրական ջանքերը հազարաւոր ամերիկացիներու‚ որոնք Համաշխարհային Ա. Պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք փրկեցին որբերու եւ տեղահանուածներու սերունդ մը։

Մէկ ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ պատմութիւնները ամերիկացի դիւանագէտներու‚ միսիոնարներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կատարողներու‚ որոնք ականատես դարձան Հայոց ցեղասպանութեան‚ ընդառաջեցին գործի լծուելու կոչին եւ զօրակոչի ենթարկեցին ամերիկացի քաղաքացիներու կողմէ ձեռնարկուած մեծագոյն ոչ կառավարական միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները։ Առաջնորդուելով միայն պարտաւորութեան բարոյական զգացումով‚ այդ այրերն ու կիները‚ որոնց շարքին ճարտարապետներ‚ դեսպաններ‚ ուսուցիչներ‚ հիւանդապահներ եւ այլք‚ օգնեցին ծայրայեղ ահաւոր կացութեան մէջ գտնուող միլիոնաւոր տառապեալներու։

Ժապաւէնը‚ որուն պատիմիչն է 6 անգամ «Էմմի» մրցանակի թեկնածու դերասան Վիքըր Կարպըր‚ կը բովանդակէ պատմական ժապաւէններ‚ արխիւային լուսանկարներ եւ կը ներկայացնէ հարցազրոյցներ այժմեան ականաւոր մասնագէտ ակադեմականներու հետ, ինչպիսիք են Թաներ Աքչամը‚ Փիթըր Պաքաքեանը եւ Քիթ Տէյվիտ Ուաթենփօն։ Աւելին‚ ամերիկացի պաշտօնատարներու‚ մարդասիրական աշխատանքներ իրագործողներու եւ որբերու նամակները կ’ընթերցուին ականաւոր դերասաններ Միքայէլ Արոնովի‚ Քաթլին Շալֆանի‚ Տարիուշ Քաշանիի‚ Անտրէա Մարթինի‚ Ռոն Ռիֆքինի‚ Թոնի Շալհուպի եւ Քարա Վետտերի կողմէ:

Տեսաժապաւէնի արտադրիչ Շանթ Մարտիրոսեան‚ որ իր մեծ հայրերուն ցեղասպանութենէն վերապրումէն ներշնչուած է‚ կը յայտնէ‚ որ այս ժապաւէնը արտադրած է «ոչ թէ ցեղասպանութեան ընթացքին մեր կորսնցուցած անձերը յիշելու‚ այլ լոյս սփռելու Ամերիկայի պատմութեան մէկ կարեւոր էջին վրայ‚ երբ հասարակ քաղաքացիներ կողք կողքի կանգնեցան ընդդէմ մեծ անարդարութեան եւ փրկեցին 132 հազար որբերու կեանքերը»։ Այս փրկարարութեան պատմական ջանքերը առաջնորդեցին Մերձաւոր Արեւելքի Օժանդակութեան‚ ներկայիս ծանօթ Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնարկ անունով, կազմակերպութեան մը հիմնադրման‚ որ առ այսօր կը շարունակէ ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի տարածքին բարեկեցիկ կեանք ապահովել կարգ մը համայնքներու եւ տեղահանուածներու՝ իրագործելով հասարակական ղեկավարութեամբ տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններ։

Ամերիկեան պատմութեան յաճախ մոռցուած‚ սակայն կարեւոր մէկ էջին վրայ կեդրոնանալով «Անոնք պիտի չմեռնին»ը մարտահրաւէր կ’ուղղէ‚ թէ երկիր մը իր ո՞ր արժէքները ցուցադրելու պէտք է ձգտի, եւ կը բարձրացնէ այն հարցը‚ թէ ե՛րբ եւ արդեօք պէ՞տք է մարդասիրական նկատառումները ազգային ռազմավարական շահերէն գերիվեր նկատուին։ «Այսօր‚ մինչ կը դիմակայենք գաղթականներու սուր ճնգնաժամ մը‚ շատ կարեւոր է‚ որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ճշդման ընթացքին նկատի ունենանք մարդասիրական հետեւանքներ»‚ կ’ըսէ տեսաժապաւէնի բեմադրիչ‚ արտադրիչ եւ գրող Ճորճ Պիլըրտ։

3 Roads Communications ընկերութեան կողմէ ցրուուած «Անոնք պիտի չմեռնին»ը երկրի տարածքին պետական պատկերասփիւռի կայաններէն սկսաւ ցուցադրուիլ 1 Ապրիլ 2017-ին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.