Արամ Ա. կաթողիկոս կը դատապարտէ Փարիզի ահաբեկչական արարքները եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ նախագահ Հոլանտին


Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով դատապարտելէ ետք Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ըսաւ. «Մեր Եկեղեցին կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ լայնախոհութեան: Մեր Եկեղեցին նաեւ յանձնառու է հարցերու խաղաղ լուծման եւ աշխարհի մէջ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց սկզբունքներու վրայ հիմնուած խաղաղութեան»: Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ շեշտեց, թէ այս սկզբունքներէն մեկնած Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ իր նպաստը բերել միջ-կրօնական երկխօսութեան:

Իր նամակին վերջաւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Ֆրանսայի Նախագահին, ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.