Չարլի Հեպտոյի Հայ Ծաղրանկարիչը Այդ Չարաբաստիկ Օրը Գործի Չէր Գացած
1609
0
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական «Հաֆինկթըն Փոսթ»ը կը տեղեկացնէ, որ Չարլի Հեպտոյի ծաղրանկարիչներէն Մաթեու Մատէնեան հաստատութեան վրայ կատարուած անարգ յարձակումի ընթացքին գործէն բացակայութեան բերումով ազատուած էր հաւաստի մահէն:
Չարաբաստիկ այդ օրուան առաւօտուն Մատէնեան հեռաձայնած էր Չարլի Հեպտոյի իր գրասենեակը եւ տեղեկացուցած, որ գործի պիտի չգայ: Մատէնեան կատակելով իր գործընկերներուն յայտնած է, որ գրասենեակ գալու ատեն իր հետ Յայտնութեան պատկերով տորթ պիտի բերէ: «Փոսթ»ի լրագրողը արձագանգելով այս տեղեկութեան Մատէնեանին յայտնած է, որ զինք փրկողը
եղած է յայտնութեան պատկերը. »քեզ մոգերը փրկեցին«, ըսած է լրագրողը:
«Անհաւատալի է: Մայրս քանիցս հեռաձայնա’ ու պատգամ թողած էր հարցնելով ուր ըլլալս. Ես միայն մահացողներու մասին կը մտածէի», ըսած է Մատէնեան: