Հալաճօղլու Լուր Չունի Եղեր 1915ի Փաստաթուղթերու Անհետացման Մասին


ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Ա-կօս»ի աշխատակիցներէն Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու հրապարակած էր զգայացունց լուր մը՝ Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի շրջանակներէն, ուր կը բացայայտուէր կաճառի բարձրաստիճան վարչայիններէն մէկուն կողմէ պետական արխիւներ մտնելով 1915 թուականին Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ զանազան փաստաթուղթերու անհետացման մասին: Այս հրապարակումէն ետք կաճառի նախկին նախագահները՝ Մէթին Հիւլակուն եւ Ալի Պիրինճին յայտնած էին, որ նման դէպք մը միայն ամենավերին տնօրինութեամբ կրնայ կատարուիլ եւ իրենք այդպիսի հրաման մը չեն տուած:
«Այս պնդումը կատարող Մուրատ Պարտաքճը պէտք է յայտարարէ այդ պատասխանատուի անունը», ըսած էին նախկին նախագահները:
Այս յայտարարութիւններէն ետք ուշադրութիւնները ուղղուեցան կաճառի նախկին նախագահներէն, այժմ ՄՀՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Եուսուֆ Հալլաճօղլուի վրայ: Վերջինս ալ իր կարգին մերժեց արխիւներէն փաստաթուղթեր վերցնելու եւ ուրիշ տեղ մը փոխադրելու պնդումը:
«Այս բնոյթով հարցումներուն ենթական պէտք է Պարտաքճըն ըլլայ: Այսքան մանրամասնութիւն փոխանցելէ ետք, եթէ անուն մը հրապարակելէ խուսափի, ըրածը ո՛չ թէ յայտարարութիւն, այլ զրպարտութիւն կը համարուի» ըսած է Հալլաճօղլու, նշելով որ իր 15 տարուան նախագահութեան շրջանին նման դէպք մը չէ պատահած:
«Պարտաքճըի պնդածին նման գործողութիւն մը անկարելի է: Ես պետական արխիւներու մէջ ալ որպէս բարձրաստիճան պատասխանատու պաշտօն ստանձնած եմ: Այդ փորձառութեան յենելով կ՛ըսեմ, թէ Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի ոեւէ նախագահ պետական արխիւներէն փաստաթուղթ մը վերցնելով ուրիշ տեղ մը չի կրնար պահել»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.