Ուրուկուէյ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Ճանչնալու Արցախի Իքնորոշման Իրաւունքը
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ, «Փրենսա Արմէնիա».- Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ մը հրապարակած է՝ դիմելով միջազգային ընտանիքին ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Կոչը հրապարակուած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ համայնքի պատասխանատուներու միջեւ անցեալ Կիրակի՝ 4 Յունուարին, կայացած հանդիպումէն ետք:
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներու եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի հետ հանդիպած էր, քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի քաղաքական իրադարձութիւնները եւ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի բազմաթիւ խախտումներու յառաջացուցած լարուածութիւնը:
Նախարար Ալմակրօ բուռն կերպով դատապարտած է Ատրպէյճանի զինուրական գործողութիւնները՝ զինադադարի պայմաններու տակ:
Ուրուկուէյի նախարարը շեշտած է «անհրաժեշտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման՝ նկատի առնելով հայ ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ Մայիս 1918էն Դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն»: