2014ի Գտածոներու Ցանկին Մէջ Են Նաեւ Հայաստանի Հնութիւնները. «Պի.Պի.Սի.»
ԵՐԵՒԱՆ.– 2014 թուականը յատկանշուեցաւ հնագիտական յեղափոխական գտածոներով, որոնց կարգին՝ Հայաստանի մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Պի. Պի. Սի.» կայքը՝ ներկայացնելով նախորդ տարուան ամէնէն հետաքրքրական հնագիտական գտածոները:
Օրինակ՝ նախապէս կը կարծուէր, թէ Պրոնզէ դարու աւարտին Եւրոպայի մէջ բնակչութեան թիւի մեծապէս նուազումը կապուած էր կլիմայի արագ փոփոխութեան հետ: Սակայն նոր հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ բնակչութեան թիւը սկսած է նուազելու կլիմայի փոփոխութենէն աւելի քան 100 տարի առաջ: Հիմա հետազօտողները կը կարծեն, թէ պատճառը Երկաթէ դարու սկիզբի երկաթի շատ մեծ պահանջքն էր, որ քայքայեց տեղւոյն տնտեսութիւնը եւ առեւտուրը:
Նախապէս կը կարծուէր, թէ «լըւալուա» կոչուող քարէ գործիքներու հնարման յեղափոխական արհեստագիտութիւնը յայտնագործուած է միայն Ափրիկէի մէջ եւ տարածուած Եւրոպայի ու Ասիոյ մէջ՝ բնակչութեան տարածման հետ։ Սակայն ուսումնասիրելով Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած քարէ գործիքները՝ հնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ այդ յատուկ արհեստագիտութիւնը անկախաբար զարգացած է Հայաստանի մէջ, ինչ որ ընդգծած է վաղեմի այդ խումբերու ստեղծագործական մօտեցումը:
Բացի ատկէ, լոյս սփռուած է Լեհաստանէն միջնադարեան կմախքներուն ու անոնց յուղարկաւորութեան ձեւին վրայ, օրինակ՝ անոնց պարանոցին շուրջ մանգաղով հետքը, հիմք կու տայ ենթադրելու, որ տեղւոյն բնակիչները կը վախնային, որ կը համբառնային որպէս արիւնարբու: Յուղարկաւորութեան ժամանակաշրջանը կը համընկնի քոլերայի սաստկացման հետ, ինչ որ մտածել կու տայ, որ անոնք կրնան այդ հիւանդութեան զոհը գացած ըլլալ։
Սեպտեմբերին Սիպերիոյ մէջ հնագէտները տեղեկացուցին կենդանիներու ոսկորներէ պատրաստուած զէնք ու զրահ յայտնաբերելու մասին: Գիտնականները կը կարծեն, թէ գտածոները 3500էն 3900 տարեկան են եւ, հաւանաբար, պատրաստուած են ընտրանի զինուորներու համար:
Երկու տղամարդիկ, որոնց շիրիմները յայտնաբերուած են արեւմտեան Չինաստանի մէջ, հողին յանձնուած են ներկայիս նշանաւոր տաբատներով: Պրոնզէ դարու այդ տաբատները կը յիշեցնեն ներկայիս ձիավարութեան ատեն օգտագործուող տաբատները։
Հնագոյն ատամները նոյնպէս տեղ գրաւած են թերթերու հրապարակումներու վերնագիրներուն մէջ՝ ստուերի մէջ ձգելով այն կասկածը, թէ որքան առողջ են ժամանակակից սննդակարգն ու կենսակերպը: Բացայայտուած է, որ հռոմէական բրիտանացիներու լինտերը աւելի առողջ եղած են ժամանակակից չափահասներուն լինտերէն։