Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Երկու Կէտի Տարբերութեամբ Պարտուեցաւ Շանվիլէն Երկարաձգումէն Ետք (79-77)
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, երէկ երեկոյեան Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Առաջին երկու քորթըրներուն, ՀՄԸՄ ինք գերազանեց իր մրցակիցին, մինչ երրորդին` դաշտին տէրը, իսկ վերջին քորթըրը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մրցումը երկարաձգուի:
Դաշտին տէրը երկարաձգումին ընթացքին տարաւ վերջնական յաղթանակը` 79-77 արդիւնքով (12-16, 25-29, 51-42 եւ 67-67):
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (Փակագիծերուն մէջ անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (6’29”, 2 կէտ, 4 ռիպաունտ), Ռաշար Մաքքանց (43’15”, 20 կէտ, 2 ռիպաունտ), Հայկ Խաչերեան (00’34”), Սեւակ Քեթենճեան (30’08”, 11 կէտ, 3 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (44’30”, 18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (32’46”, 6 կէտ, 4 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (28’14”, 3 կէտ) եւ Ճօ Վոկըլ (38’59”, 17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ):
Շանվիլէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց վրացի Նիքոլոզ Ցիքիչվիլի (45’00”, 29 կէտ, 14 ռիպաունտ):