Պիթլիսի Նահանգապետը Հաստատած Է Փողոց Մը Սարոյեանի Անունով Անուանելու Որոշումը
- (0)
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջ տալով տարակարծութիւններուն՝ Պիթլիսի նահանգապետ Օրհան Էօզթիւրք ի վերջոյ հաստատած է Պիթլիսի փողոցներէն մէկը Ուիլեըմ Սարոյեանի անունով վերանուանելու որոշումը։
«Միլլիյէթ» կը գրէ, որ Պիթլիսի նահանգապետարանը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ նահանգապետը ստորագրած է որոշումներ, զորս ընդունած էր Պիթլիսի քաղաքապետարանը՝ կարգ մը փողոցներ եւ թաղամասեր վերանուանելու մասին։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Ուիլըեմ Սարոյեանի անուան փողոցին։
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ, Պիթլիսի քաղաքապետական խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած էր Սափքօր փողոցը, ուր ապրած էր Սարոյեաններու ընտանիքը, վերանուանել Ուիլեըմ Սարոյեանի անունով։
