Յառաջիկայ Տարի Արցախի Մէջ Համապետական Երկու Ընտրութիւններ Պիտի Կատարուին


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 24 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին Սրբուհի Արզումանեան յայտնած է, որ յառաջիկայ տարի կայանալիք Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն համամասնական եւ մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուողներու մանդատներու յարաբերակցութիւնը՝ գործող 17 համամասնական եւ 16 մեծամասնականի փոխարէն պիտի ըլլայ 22 համամասնական եւ 11 մեծամասնական: Ան տեղեկացուցած է, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին Մայիսին։
«2015 թուականի Յունուարի 1ից ուժի մէջ կը մտնի ընտրական նոր օրէնսգիրքը, որտեղ ներկայացուած կը լինի ընտրագրաւի, նախընտրական հիմնադրամների, թեկնածուների գոյքի եւ եկամուտների յայտարարագրման եւ այլ հարցերի առումով կատարուած լրացումները: Մասնաւորապէս, նոր օրէնսգրքով սկսած երկորդ համարից իւրաքանչիւր հնգեակում պարտադիր պէտք է սեռերի յարաբերակցութիւնը լինի 4/1: Խորհրդարան մտնելու համար նուազեցուել է նուազագոյն շեմը՝ սահմանելով կուսակցութիւնների համար՝ 5, կուսակցութիւնների դաշինքների համար՝ 7 տոկոսը՝ գործող 6ի եւ 8ի փոխարէն», յայտնած է Արզումանեան:
Անդրադառնալով նախորդ տարի կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն՝ Ս. Արզումանեան նշած է, որ 13 համայնքներէն հինգին մէջ կայացած է հերթական, իսկ 6ին մէջ արտահերթ ընտրութիւններ:
Արզումանեանի համաձայն՝ յառաջիկայ տարի, բացի խորհրդարանականէն, աւելի քան 200 համայնքներու մէջ պիտի կայանան նաեւ ՏԻՄ ընտրութիւններ՝ Օգոստոսին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.