Հալէպի Հայութիւնը Ծանր Վիճակի Մէջ Է
ԵՐԵՒԱՆ, «1in. am».– Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը վերջին օրերուն ամբողջութեամբ շրջապատուած է, այս անգամ՝ ազգային պետական բանակին կողմէ, որ օղակը փակած է քաղաքին շուրջը, եւ զինեալ ընդդիմադիրները մնացած են քաղաքին մէջ։ Այս մասին «1in. am»ին յայտնած է Հալէպի Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը:
«Քաղաքին մէջ մնացած մեծ թիւով զինեալ ընդդիմադիրները ռմբակոծեցին ու հրթիռներ արձակեցին խաղաղ բնակչութեան վրայ: Սուրիոյ օրինական բանակը քաղաք չէ մտած, անիկա դուրսը կանգնած է, այդ պատճառով ալ քաղաքին մէջ քանի մը օրէ ի վեր ցոյցեր տեղի կ՛ունենան. անոր մասնակիցները կը պահանջեն, որ բանակը նաեւ քաղաքին մէջ պաշտպանէ բնակչութիւնը, որովհետեւ շրջափակման մէջ յայտնուած զինեալ խմբաւորումները ժողովուրդին կը վնասեն ու կը սպաննեն զայն», ընդգծած է Սելիմեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչպէս է սուրիահայութեան, մասնաւորապէս հալէպահայութեան վիճակը՝ վեր. Սելիմեան յայտնած է, որ իրականութեան մէջ վիճակը բաւական վատ է, ժողովուրդը սարսափի մէջ է: «Անկէ զատ, Սուրիան տնտեսական մեծ պատիժներ կը կրէ, Ռուսիոյ դէմ ուղղուած պատժամիջոցներն ալ նկատի ունենալով՝ տոլարի փոխարժէքը այստեղ բաւական բարձրացաւ, իբրեւ հետեւանք գնողական արժէք ունեցող ապրանքներն ու սնունդը շատ սղեցան: Այս առումով վերջին շրջանին սկսաւ քաղաքէն գաղթ, որ հայ ժողովուրդի պարագային քիչ մը աւելի զգալի է, յատկապէս նաեւ այն պատճառով, որ բանակը պահեստազօրի զինուորները ներգրաւելու օրէնք հրապարակած է: Այն երիտասարդները, որոնք իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարած էին, հիմա մինչեւ 42 տարեկան տակաւին ենթակայ են բանակ զօրակոչման: Այս դժուարութիւնը կը ստիպէ ընտանիքները, որոնք այդ տարիքի տղամարդիկ ունին, գաղթելու ու հեռանալու Հալէպէն», յայտնած է վերապատուելին:
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ մնացած հայութեան թիւին՝ Յարութիւն Սելիմեան նշած է, որ հաշուի առնելով սուրիահայերուն օժանդակութիւններու բաշխման թիւերը՝ ներկայ դրութեամբ Հալէպի մէջ կայ 12 Հազար հայ։ «Եթէ բանակի նոր օրէնքը սկսի գործելու, հայութեան թիւը աւելի եւս պիտի նուազի։ Այդ տարիքի տղաներ ունեցող ընտանիքները պիտի չուզեն մնալ Հալէպի մէջ եւ պիտի գաղթեն», աւելցուցած է ան։
Սուրիահայութեան ընկերային վիճակին մասին խօսելով՝ վեր. Սելիմեան ընդգծած է, որ այսօր Հալէպի մէջ ընդհանրապէս աշխատանք չկայ, որպէսզի մարդիկ կարենան վաստակ ունենալ եւ պահել իրենց ընտանիքները: «Ժողովուրդը միայն սպասման վիճակի մէջ է, որովհետեւ քաղաքը ամբողջութեամբ շրջափակման մէջ է: Ոչ մէկ արարած կրնայ քաղաք մտնել կամ քաղաքէն դուրս գալ: Բացի ատկէ, Հալէպ-Դամասկոս միջազգային ուղիին վրայ ընդդիմադիր զինեալները գրաւած են գիւղաքաղաք մը, եւ ատիկա սպառնալիք է անցորդներուն համար: Այն մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ ճամբով հեռանալ քաղաքէն, մեծ դժուարութիւներ պիտի ունենան։ Այսինքն՝ հիմա հալէպահայութիւնը նոյնիսկ Հայաստան չի կրնար երթալ, որովհետեւ եթէ որեւէ ընտանիքի մէջ 18-42 տարեկան տղամարդ կայ, ան չի կրնար քաղաքը լքել», տեղեկացուցած է Յարութիւն Սելիմեան: