2015-ին Եւրոպական Շարք Մը Դպրոցներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Դասապահեր Պիտի Սկսին
- (0)

Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ յաջորդ տարի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կրթական նախագիծեր պիտի իրականացուին: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին Դեկտեմբեր 20-ին տեղեկացուց ՀՀ ԿԳ նախարար Արմէն Աշոտեան: Նախարարը նախաձեռնութեան մասնակցող երկիրներու ցանկը չներկայացուց:
«Հասկանալի պատճառներով թոյլ տուէք չթուարկեմ այն երկրների ցանկը, որոնց հետ մենք նման ծրագիր ենք իրականացնելու 2015 թուականին, որպէսզի տեղեկատուութեան արտահոսք չլինի եւ թուրքական կողմը չանցնի հակագրոհների: Բոլոր դէպքերում, ուզում եմ ասել, որ մի շարք եւրոպական երկրների հետ բանակցութիւնները յաջողուած են եղել, եւ 2015 թուականին մենք կը տեսնենք համագործակցութեան արդիւնքը»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` նշեց Աշոտեան: Նախարարը կարեւոր համարեց այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դասեր եւ դասաժամեր պիտի ներառուին եւրոպական երկիրներու հանրակրթական ծրագիրերուն մէջ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’ապրէին երկու միլիոնէ աւելի հայեր: Շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ սպանուեցսւ 1915-1923թթ. ժամանակահատուածին,իսկ մնացածները կամ բռնի մահմետականացուեցսն, կամ ապաստանեցան աշխարհի տարբերերկիրներու մէջ: 1915թ. Ապրիլ 24-ին սկիզբ առած ձերբակալութիւններով (հիմնականին մէջ`Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ) եւ ատոր հետեւած հարիւրաւոր հայմտաւորականներու ոչնչացումով սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջման առաջին փուլը: Յետագայինաշխարհասփիւռ հայերը Ապրիլ 24-ը սկսան նշել իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակիօր: