Ապրիլ 24ին Թուրքիոյ Տարածքին Ցեղասպանութեան Նուիրուած Արշաւներ Տեղի Պիտի Ունենան


ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան նախաձեռնութեամբ, «Վերջ տալ հերքումին. Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ» խորագիրով միջոցառումներու շարքը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է:
Ըստ «Ակօս»ի՝ միջոցառումներու շարքին են Ապրիլ 24ին, երկիրի 28 շրջաններու մէջ կայանալիք «Ցեղասպանութեան քայլարշաւներ»ը:
«Ակօս»ի համաձայն՝ Պոլսոյ մէջ կայանալիք քայլարշաւը պիտի սկսի Թուրք իսլամական արուեստի թանգարանէն ու պիտի հասնի Հայտարփաշայի կայարանը:
Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը Ապրիլ 22-24ին միջոցառումներ պիտի իրականացնէ նաեւ Տիգրանակերտի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.