Յունուար 01, 2026
Գանատական ընկերութիւն մը պիտի մշակէ Ամերիկահայութեան թանգարանին նախագիծը
- (0)

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին յայտարարեց, թէ գանատական «Լորտ Քալչըրըլ Ռիսորսըզ» հաստատութիւնը սկսած է մշակելու Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին ընդհանուր նախագիծը։
1981ին հաստատուած վերոնշեալ գանատական ընկերութիւնը կը հանդիսանայ թանգարաններու ծրագրումի եւ մշակութային ժառանգութեանց պահպանման մէջ մասնագիտացած աշխարհի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկը ու ցարդ 52 երկիրներու մէջ իրականացուցած է 2000է աւելի ծրագիրներ, ներառեալ՝ Նիւ Եորքի Սեպտեմբեր 11ի յարձակումներուն նուիրուած թանգարան-յուշարձանն ու Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանը։