«Առեւտուրի Համար Լաւագոյն Երկիրներու Ցանկին Մէջ Հայաստան 56րդ Է». «Ֆորպզ»


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամերիկեան «Ֆորպզ» ֆինանսատնտեսական ամսագիրին կողմէ հրապարակուած «Առեւտուրի համար լաւագոյն երկրները–2014» (Best countries for business–2014) վարկանշային ցանկին մէջ, ուր տարբեր ցուցանիշներով տրուած է 146 երկիրներու գնահատականը, Հայաստան կը գրաւէ 56րդ դիրքը: Այս տարի 146 երկիրներուն մէջ Դանիան վերադարձած է առաջին հորիզոնական. անիկա 2008-2010 թուականներուն անընդմէջ առաջատարն էր: Լաւագոյն տասնեակին մաս կը կազմեն Հոնկ Քոնկը, Նիւ Զելանտան, Իրլանտան, Շուէտը, Քանատան, Նորվեկիան, Սինկափուրը, Զուիցերիան եւ Ֆինլանտան։
Ցանկին վրայ Վրաստանը 47րդն է, Թուրքիան՝ 50րդը, իսկ Ատրպէյճանը՝ 60րդը: Ուքրանիան 88րդ դիրքի վրայ է, իսկ Ռուսիան՝ 91րդ:
«Քանի մը տարուան երկնիշ տնտեսական աճէն ետք Հայաստան բախեցաւ տնտեսական լուրջ անկման, երբ համախառն ներքին արտադրութիւնը 2009ին աւելի քան 14 տոկոս անկում արձանագրեց՝ հակառակ բազմակողմանի հաստատութիւններէ ստացուած մեծ վարկերուն: Շինարարական բնագաւառին մէջ եւ յատկապէս Ռուսիոյ մէջ աշխատող հարազատներէ դրամական փոխանցումներու կտրուկ նուազեցումը պատճառ եղան կտրուկ անկման: Տնտեսութիւնը սկսաւ վերականգնելու 2010ին՝ արձանագրելով 2.1 տոկոսի աճ եւ անկէ ետք՝ երեք տարուան ընթացքին, աւելի արագ կշռոյթով», գրած է պարբերականը:
«Ֆորպզ»ը կ՛աւելցնէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն հարկային եւ մաքսային վարչարարութիւններուն մէջ որոշակի բարեփոխումներ կատարած է: «Սակայն փտածութեան դէմ պայքարի նախաձեռնութիւնները անարդիւնաւէտ եղած են եւ տնտեսական անկումը առաջնորդած է հարկային մուտքերու մեծապէս նուազեցման, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ստիպած է մեծ վարկեր ընդունելու Ռուսիայէն, ԱՄՀէն եւ այլ միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններէ», գրուած է ամսագիրին մէջ։
Պարբերականը նաեւ կը նշէ, թէ Հայաստան ի՛նչ պէտք է ընէ վիճակը բարելաւելու համար: «Հայաստան պէտք է տնտեսական յաւելեալ բարեփոխումներ կատարէ եւ ամրապնդէ օրէնքի գերակայութիւնը՝ տնտեսական աճը վերականգնելու, տնտեսական մրցունակութիւնը բարելաւելու եւ գործի առիթները աւելցնելու նպատակով՝ յատկապէս հաշուի առնելով իր երկու դրացիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ երկրի տնտեսական մեկուսացումը», կը գրէ «Ֆորպզ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.