Փամուք Քննադատած Է Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Վախի Մթնոլորտը
1487
0
ՓԱՐԻԶ.- «Ֆրանս 24» կը հաղորդէ, որ 2006ին Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի արժանացած թուրք գրող Օրհան Փամուք հարցազրոյցով մը դատապարտած է իր երկրին մէջ իշխող վախի մթնոլորտը: «Ամէնէն վատը այն է, որ վախ կայ: Ես կը տեսնեմ, որ բոլորը վախցած են. ատիկա բնական չէ։ Խօսքի ազատութիւնը իջած է շատ ցած մակարդակի», ըսած է Փամուք՝ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին: Ան մեղադրած է կառավարութիւնը լրատուամիջոցներու դէմ ճնշումներուն համար եւ յատկապէս ափսոսանք յայտնած ընդդիմադիր լրագրողներու նկատմամբ հետապնդումներուն համար: «Ընկերներէս շատերը ինծի կ՛ըսեն, թէ այս կամ այն լրագրողը կորսնցուցած է իր աշխատանքը: Այժմ, մինչեւ իսկ այն լրագրողները, որոնք շատ մօտ են կառավարութեան, հետապնդումներու կ՛ենթարկուին», ըսած է Փամուք: