Տինքի Սպանութիւնը Օտար Գաղտնի Սպասարկութիւններու Հետ Կապելու Փորձ


ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան վարչութեան նախկին պաշտօնատար Իսմայիլ Փեքին պնդած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունին օտարերկրեայ գաղտնի սպասարկութիւններ: «Սաքարիա» համալսարանին մէջ «Ցեղասպանութիւնն ու իրողութիւնները» խորագիրով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտող խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսած է. «Թուրքերը հայերուն նկատմամբ ատելութիւն չունին: Թերեւս պատերազմին ընթացքին եղած է, սակայն ատկէ դուրս ատելութիւն չկայ: Հայերը կանխամտածուած չեն սպաննած, ցեղասպանութիւն չէ եղած»:
Ան յայտնած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եթէ լաւ ուսումնասիրուի, ապա պիտի ապացուցուի օտար հետախուզութիւններու ունեցած կապը անոր հետ: «Սպանութիւնը գործուած է Թուրքիոյ ու Հայաստանի յարաբերութիւնները վատթարացնելու նպատակով», ըսած է Փեքին:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, պատասխանելով «Հապերթուրք»ի հարցումներուն՝ անդրադարձած է Տինքի սպանութեան: Տաւութօղլու նախ պատմած է, թէ Տինքի հետ մասնակցած է շարք մը խորհրդաժողովներու՝ պնդելով, որ Տինքի սպանութեան լուրը լսելով «տխրած է» ու հեռաձայնած այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլին, առաջարկելով՝ «Սփիւռքին կոչ ընենք Պոլիս գալու, մասնակցելու յուղարկաւորութեան ու պաշտօնապէս հրաւիրելու նաեւ մեր դեսպանները»:
«Կանչեցինք, բոլո՛րը եկան: Իսկական յեղափոխութիւն էր: Ժողովուրդը տէր կանգնեցաւ Հրանդ Տինքին: Մեր բոլոր թապուները, մէկ առ մէկ, անհրաժեշտ է կոտրել», աւելցուցած է Տաւութօղլու՝ պնդելով, որ Տինքի սպանութիւնը պատահական արարք մը չէր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.