2 Միլիոն Եուրօ՝ Ի Նպաստ Հայ-Թրքական Եկխօսութեան Խթանման


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13ին տր-ուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրային լրագրութեան ա-կումբը, Շրջանային ուսմանց կեդրոնը, ինչպէս նաեւ «Սիվիլիթաս» ու «Եուրասիա» հիմնարկները 2 միլիոն եուրոյի նպաստներ ստացած են հայ-թրքական եկխօսութիւնը խթանելու նպատակով։
Ըստ Մելքոնեանի՝ հայկական նշեալ կազմակերպութեանց հետ կը համագործակցին Թուրքիոյ «Անատոլու» եւ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկները՝ աւելցնելով, որ այդ հիմնարկներուն մէջ անկեղծ մարդիկ կրնան ըլլալ, սակայն վերջ ի վերջոյ, անոնք ենթակայ են Թուրքիոյ պետական ճնշումներուն ու կրնան պետական քարոզչութեան գործիք դառնալ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.