Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը՝ Աշխարհի Ամէնէն Ռազմականացած Երկիրներու Տասնեակին Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռազմաքաղաքական հետազօտութիւններով զբաղող Պոննի Քոնվերսիայի Միջազգային կեդրոնը հրապարակած է Ռազմականացման 2014 թուականի ցուցակը, որուն մէջ ճշդուած է 2013 թուականին աշխարհի 149 երկիրներու ռազմական կարգավիճակը։
Համաշխարհային վարկանիշին մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յայտնուած են ամէնէն ռազմականացած երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ. Հայաստան 3րդ դիրքի վրայ է՝ ռազմականացման 782.99 կէտով, իսկ Ատրպէյճան՝ 5րդ: Վարկանիշի կազմութեան գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը երկրի համախառն ներքին արտադրութեան հետ բաղդատելով ռազմական ծախսերու մակարդակի յարաբերակցութիւնն է:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերջին տարիներուն աւելցուցած են իրենց ռազմական պիւտճէները: Նաեւ ընդգծուած է, որ Ռուսիան երկու երկիրներուն ալ զէնք կը մատակարարէ։ Փորձագէտներուն կարծիքով, իրավիճակը վտանգաւոր է եւ դերակատարները պէտք է միջամտեն հետագայ լարուածութիւնը կանխարգիլելու համար: Սակայն, ըստ անոնց, Հարաւային Կովկասին մէջ ռազմականացումը պէտք է դիտարկուի ընդհանուր պարունակին մէջ: Անոնք այդ մէկը կը կապեն ռազմական բարեփոխումներու հետ, զորս 2008էն կը կատարէ Ռուսիան՝ արդիականացնելով սպառազինութիւններու համակարգը եւ աւելցնելով պաշտպանական ձեռնարկութիւններու հզօրութիւնը:
Աշխարհի ամէնէն ռազմականացած երկիրը կը նկատուի Իսրայէլը: Տասնեակին մէջ յայտնուած են նաեւ Սինկափուրը, Սուրիան, Կիպրոսը, Հարաւային Քորիան, Յորդանանը եւ Յունաստանը: Միացեալ Նահանգներ կը գրաւէ 31րդ դիրքը։