Եուրա Մովսիսեան` Ռուսիոյ Ախոյեանութեան Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Ֆութպոլիստներու Շարքին


1201_Yura-SalarySports.ru ռուսական կայքը գործակցելով ակումբներու պատասխանատուներու, մարզիչներու եւ ֆութպոլիստներու հետ,  պատրաստած է ցանկ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ ֆութպոլի առաջնակարգ ախոյեանութեան ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստներու անունները:

Այս աշխատանքին համար նկատի առնուած է խաղացողներուն տարեկան եկամուտը, որ բաժնուած է ամսականներու եւ յաւելավճարներու հիման վրայ:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ մաս կը կազմէ Սպարտակ Մոսկուա խումբին, կը գրաւէ այս ցուցակին 34-րդ դիրքը: Անոր տարեկան եկամուտն է 2,1 միլիոն եւրօ:

Առաջին դիրքը կը գրաւէ Զենիթ խումբի պրազիլցի յառաջապահ Հալքը, որուն տարեկան եկամուտը կը հասնի մինչեւ 7 միլիոն եւրոյի: Երկրորդ դիրքին վրայ է Տինամոյի յառաջապահ գերմանացի Քեվին Քուրանիին (5,7 միլիոն եւրօ), իսկ միասնաբար 3-րդ դիրքը կը գրաւեն Տինամոյի յառաջապահ` ռուս Ալեքսանտր Քոքորին եւ Զենիթի պաշտպան` արժանթինցի Էզեքիել Կարայ` եկամուտ ունենալով 5 միլիոն եւրօ:

Աւելցնենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականին մաս կազմող այլ մարզիկ մըն ալ` Արաս Օզպիլիզ (Սպարտակ) մաս կը կազմէ այս ցուցակին եւ կը գրաւէ 35-րդ դիրքը` եկամուտ ունենալով 2 միլիոն եւրօ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.