Մահացաւ Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած Ամէնէն Տարեց ամերիկահայը


Մորին Օ՚տանըլ «Շիքակօ Սան Թայզ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ 108-ամեայ Հելեն Փալոյեան, որ Թայթանիքի ընկղմելէն 6 տարի առաջ ծնած էր, աշխարհի վրայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մնացած սակաւաթիւ ականատեսերէն էր։

Իր 100-րդ տարեդարձին առթիւ «Շիքակօ Սան-Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին տիկ. Փալոյեան յիշեց, երբ թուրք զինուորներ հայկական Խարբերդ նահանգի մէջ իր գիւղի բոլոր բնակիչներուն ստիպեցին տեղահանուիլ։ Ան ըսաւ, որ փողոցներու մէջ կերակուր մուրացած է, բոյսերու արմատներ փնտռած եւ «հաւերու նման» խոտ կերած։ Երբեմն ազնիւ թուրքերէ հացի կտորներ կը ստանար։

«Ուրախ եղիր», կը սիրէր ըսել, «յուսա՛, աղօթէ՛ եւ սիրէ՛»։ Ան մահացաւ 24 Հոկտեմբերին Կլենվիուի մէկ բժշկական կեդրոնին մէջ։ Անոր ընտանիքին կատարած հետազօտութեան համաձայն, ան ծնած է 1906-ին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 108 տարեկան էր։ «Շիքակօ Սան-Թայմզ»-ի կատարած հետազօտութեան համաձայն, փաստաթուղթերու մէջ անոր ծննդեան թուականները 1898-ի եւ 1910-ի միջեւ կը տարուբերին։

Ան իր երկարակեցութիւնը կը վերագրէր ուրախ բաներու մասին մտածելուն եւ աղօթքին, ինչպէս նաեւ չծխելուն կամ ոգելից ըմպելի չխմելուն։ Մէկ տարի առաջ, ան տակաւին կ՚երթար հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր եթէ հայր Արէն Ճեպեճեանի քարոզը չհասկնար անոր կ՚ըսէր.«Չի հասկցնայ ինչ ըսել կ՚ուզես»։

Մինչեւ 104 տարեկան ըլլալը, տիկ.Փալոյեան իրեն հոգ տանողին կերակուրը ինք կ՚եփէր։

1920-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու առիթները բարելաւելու նպատակով մեկնած է Քուպա, ուր Զատիկ Փալոյեանի հետ կեղծ ամուսնութիւն գոյացուցած է։ Ապա, սիրահարուած են։ Ամուսնութիւնը տեւած է 55 տարի՝ մինչեւ Զատիկի մահը։

Տիկ.Փալոյեան, չէ ճանչցած իր ծնողքները, որոնք մահացած են, երբ տակաւին ան փոքր էր։ Ըստ ընտանիքի պատմաբան Չարլզ Հարտիի, ան մնացած է ազգականներու հոգատարութեան տակ, մինչեւ իր գիւղի տեղահանութիւնը։ Իր եղբայրներէն երկուքը թրքական բանակի մէջ զինուորագրուած են, իսկ երրորդ մը Ամերիկա փախուստ տուած է։ Ատկէ ետք անոնցմէ որեւէ լուր չէ ստացած։ Կը յիշէ, որ թուրք զինուորները զինք եւ այլ մանուկներ տարած են եկեղեցի, ուր լեցուած էին հայերը։ Կիները կը վախնային, որ զինուորները եկեղեցին պիտի հրկիզեն, ուստի ան կ՚որոշէ փախուստ տալ եւ պատուհանէն նետուած է, առանց կօշիկի, առանց գուլպայի։

Չարլզ Հարտի կը պատմէ, թէ Տիկ.Փալոյեանի զարմիկներէն Ճէյքըպ Հարտի, որ Թենեսիի մէջ կ՚ապրէր երազին մէջ տեսած է Հելենի մայրը՝ Մարիամը, որ իրեն կ՚այցելէր իրենց պապենական պարտէզին մէջ։ Մարիամ իրեն ցոյց տուած է պարտէզին մէջ վերջին վարդը եւ խնդրած զայն առնելով հետը տանիլ։ Յաջորդ օր Ճէյքըպ Հարտի Հելենի անունը տեսած է հայկական թերթի մը մէջ լոյս տեսած որբերու անուններու ցանկի մը մէջ։ Չարլզ Հարտի կ՚ըսէ. «Վարդը Հելենն էր»։ Ճէյքըպ Հարտի զինք Յունաստանի Կորընթոս քաղաքին մէջ գտնուող որբանոցէ մը կ՚առնէ եւ կ՚օգտնէ, որ Ամերիկա գաղթէ։

Ան ուներ դուստր մը եւ որդի մը, ինչպէս նաեւ 5 թոռներ եւ չորս ծոռներ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.