Էջմիածինի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ցեղասպանութեան Նահատակներու Սրբադասման Արարողութիւն


23 Ապրիլ 2015ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը: Այս որոշումը տրուած է նախորդող օրերուն գումարուած եպիսկոպոսաց ժողովին ընթացքին: Մեր եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան մարմինը նաեւ ընդունած է փաստաթուղթերու թղթածրարը, որով Մկրտութեան ծէսը պէտք է միօրինակ ըլլայ հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն համար: Մկրտուողներուն համար պատրաստուած է նաեւ ուսուցողական ծրագիր:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ վերջին սուրբը Մովսէս Տաթեւացին է՝ 17րդ դարուն: Դարերու ընդմիջումէն ետք մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ փոփոխութիւն պիտի կատարուի: Եպիսկոպոսաց ժողովը քննարկած եւ որոշած է 23 Ապրիլ 2015 թուականին սրբադասել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները: Կը պատրաստուի անոնց յիշատակման համար անհրաժեշտ բաղադրիչները՝ շարական, սրբապատկեր, վկայաբանութիւն:
Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան յայտնած է, 400 տարի մեր եկեղեցին ոչ թէ սուրբեր չէ ունեցած, այլ սրբադասում չէ կատարուած: Աւանդութեան համաձայն՝ սրբադասում կատարուած է 2 ճամբով՝ կաթողիկոսական կոնդակով կամ ժողովուրդի պահանջով ու խնդրանքով: Սրբադասման յստակ արարողակարգ յայտնի չէ, բայց կան անհրաժեշտ պայմաններ:
«Անձը պէտք է քրիստոնէական հաւատքով, նուիրումով, սխրանքով ապրած լինի: Երկրորդ՝ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած լինի եկեղեցու զարգացման, առաքելութեան իրականացման ճանապարհին: Երրորդ՝ պէտք է նահատակուած լինի հաւատքի համար: Չորրորդ՝ պէտք է համաժողովրդական, համաեկեղեցական ընդգրկումի սպասում առաջացած լինի իր անձի նկատմամբ: Դա չի նշանակում, որ որեւէ մէկն այս 4 պայմանները պէտք է միաժամանակ բաւարարի: 4 պայմաններից իւրաքանչիւրն էլ բաւարարելու դէպքում սրբադասում կատարւում է», յայտնած է Արշակ եպս. Խաչատրեան:
Եկեղեցական տօնացոյցին մէջ 24 Ապրիլը պիտի նշուի որպէս Ցեղասպանութեան ընթացքին հայրենիքի ու հաւատքի համար նահատակուածներու յիշատակութեան օր: Արշակ սրբազանին համաձայն՝ սրբադասումը հաւաքական է, նահատակներու թիւ պիտի չնշուի:
Ի պատասխան այն դիտարկման, թէ Ցեղասպանութեան զոհերուն մէջ նաեւ այլադաւաններ ու անհաւատներ եղած են, եւ հիմնականին մէջ յստակ չեն անոնց կեանքի մանրամասնութիւնները, դիւանապետը յիշեցուցած է՝ «անմեղ մարդ չկայ, Քրիստոսի առաքեալներն էլ հաւատքի մէջ երբեմն տատանուել են»:
«Մենք որոշակիութիւն չենք մտցնում նրա մէջ, որ բոլոր նահատակուածները սրբադասւում են: Մենք ասում ենք՝ բոլոր նահատակուածները, ովքեր նահատակուեցին հաւատքի եւ հայրենիքի համար: Երկրորդ, երբ մենք ասում ենք՝ նահատակութիւնն ուղեկցուել է հաւատքի խոստովանութեամբ, հաւատքը փոխելու պահանջի դիմակայութեամբ, մենք արդէն երկրորդական ենք համարում, թէ նախորդ շրջանում մարդն ինչպիսի կեանքով է ապրել: Կարեւոր է դառնում, որ ինքնիր հաւատքը խոստովանեց իր արեամբ եւ իր մահով», յայտնած է եպիսկոպոս Խաչատրեան:
«Հասարակական մեծ հնչողութիւն ստացած ցանկացած հարց քաղաքական որոշակի երանգ պարունակում է», դիտել տուած է Արշակ եպիսկոպոս: Սրբադասումը եւս պիտի ունենայ քաղաքական արձագանգներ, բայց եկեղեցւոյ խնդիրը ի սկզբանէ քաղաքական չէ:
«Սրբադասման արարողութիւնը հոգեւոր ակտ է: Պիտի որոշակի քաղաքական ազդեցութիւն գործի, քաղաքական մեկնաբանութիւններ տրուեն, բայց դա չէ, բնականաբար, մեր առաջին մտահոգութիւնն ու նպատակը»:
Այսպիսով, մեր եկեղեցւոյ մէջ պիտի վերականգնի սրբադասման՝ շուրջ 400 տարի առաջ ընդհատուած աւանդութիւնը: Յանձնախումբը պիտի ուսումնասիրէ նաեւ անհատական սրբադասման կարգը՝ նկատի ունենալով Կոմիտաս վարդապետն ու այլ անհատներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.