Ուղղաթիռը Խոցուել Է Հակառակորդի Դիրքերից Ընդամէնը 20 Մեթրի Վրայ. Մովսէս Յակոբեան
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 14 Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու «Միասնութիւն-2014» միացեալ մարտավարական զօրավարժութիւններուն ընթացքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան ըսած է. «Ղարաբաղա-ադրբեջանական զինուած ուժերի շփման գծում, Նոյեմբերի 12ին, հայկական ռազմական ուղղաթիռը խոցուել է հակառակորդի դիրքերից ընդամէնը 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ»։ Ան դիտել տուած է, որ ներկայ դրութեամբ կարելի չէ մօտենալ այդ տարածքին:
Զօր. Մովսէս Յակոբեան յայտնած է, որ իրենք դիմած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ հարուածուած ուղղաթիռի անձնակազմը այդ տարածքէն դուրս բերելու գծով օժանդակելու համար, եւ Կարմիր խաչը պատասխանած է, որ այդ առնչութեամբ աշխատանք կը տանի:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ էր կանխել այդ ողբերգութիւնը՝ Յակոբեան ըսած է. «Ամէն ինչ էլ հնարաւոր է: Սակայն պէտք է հաշուի առնել, թէ ով է մեր հակառակորդը: Եթէ հակառակորդն ունենար տրամաբանութիւն եւ պատասխանատուութիւն, ապա այդ քայլին չէր դիմի, քանի որ ուղղաթիռը մասնակցել է ուսումնամարզական զօրավարժութեան»:
Ան նաեւ յայտնած է, որ միջազգային կազմակերպութիւններն ու մեր գերատեսչութիւնները արդէն համապատասխան կերպով արձագանգած են կատարուածին: